Միլան
Մորկընթաու դեսպանի օրագրութիւնը դարձեալ հրատարակուած է իտալերէնով, կը բաղկանայ 400 էջերէ, օժտուած է ընդարձակ լուսանկարներով: Մորկընթաուի օրագրութիւնը, այն հրեայ ամերիկացիին, որ ծնած է Գերմանիա եւ դեսպան եղած է Միացեալ Ա. Նահանգներու Կ. Պոլսոյ մէջ 1913-էն մինչեւ 1916, կը կազմէ անհրաժեշտ վաւերաթուղթ մը քսաներորդ դարուն առաջին Մեծ եղեռնի ճանաչման, այն հայերուն, որոնք Օսմանեան կայսրութեան «Երիտասարդ թուրքերու» վարչաձեւի տակ էին:
Իր օրագրութեան մէջ, դեսպանը կը նկարագրէ մեծ անձնաւորութիւնները, որոնց կը հանդիպի, ապա նաեւ թրքական քաղաքական ռազմագիտութիւնները, միջազգային խառնաշփոթ իրավիճակը առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ կը հայթայթէ նաեւ հայերու բնաջնջման մեկնողական բանալիները հիմնուած իրաւունքներուն եւ հետեւանքներուն վրայ, հաշուած քիչ թէ շատ երկու միլիոն հայեր:
Հատորը կարելի է ապսպրել հետեւեալ հասցէէն.
Edizioni Guerini e Associati
Viale Filippetti 28 - 20122 Milano Italy
Fax 0039.02.58298030
E-Mail [email protected]