Երեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2010 - Քահանայից ժողով
Պէյրութ
Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2010, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից ժողով ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հետ, եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ։ Մասնակցողներուն թիւը կը հաշուէր 17։
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ ներկայացուց Հռոմի մէջ կատարուած Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսին մասին։ Ան անդրադարձաւ այս սիւնհոդոսի կարեւորութեան եւ յաջորդաբար առնուելիք ծրագիրներուն մասին, որոնցմէ են՝ Պէյրութի թեմի քահանաներու շաբաթական հանդիպումը ուսումնասիրելու համար սիւնհոդոսէն եկած պատգամը եւ հովուական մակարդակի վրայ առնուելիք գործնական քայլերը։
Ժողովէն ետք, քահանաները հաւաքուեցան հոգեւոր տիրոջ սեղանին շուրջ։
|