Նիւ Էօրք
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի դիւանը Երեքշաբթի, Յունիս 15 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ հետեւեալ նշանակումները տեղի ունեցած են.
Տէր Գրիգոր վրդ. Շահինեան նշանակուած է ժողովրդապետ՝ Կլենտէյլի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ. Տէր Արմենակ վրդ. Պետրոսեան նշանակուած է օգնական ժողովրդապետ՝ նոյն ժողովրդապետութեան.
Հայր Միքայէլ վրդ. Պասալէ նշանակուած է ժողովրդապետ Ֆիլատելֆիայի սուրբ Մարկոս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Սոյն որոշումները ի զօրու կը դառնան Յուլիս 15, 2010էն սկսեալ: