Երեւան
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ուրբաթ 30 յունուարին, իր Հայաստան կեցութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի հետ: Հանդիպումին ընդացքին երկու կողմերը խօսեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն մասին յատուկօրէն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ձեռնարկած միջոցառումներուն մասին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեան:
Նշենք որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Լիբանան պիտի վերադառնայ շաբաթ 31 յունուարին: