Շաբաթ, 3 Մարտ 2007-ի ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ երիտասարդական Սուրբ Պատարագ Ս.Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համմուտ:
Սուրբ Պատարագի Աշխարհաբար աղըօթքը որ ընդունուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Սիւնոդոսէն 2006-ի ժողովին, կարելիութիւնը կուտայ փորձ մը կատարեու Հայ երիտասարդութեան հետ, որոնք պէտք ունին լաւագոյն կերպով մասնակցելու այս ամենակարեւոր արարողութեան:
Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Զմմառու վանքի նորընծաները, Հայ Կաթողիկէ երիտասարադական միութիւնները իրենց տարբեր մասնաճիւղերով, Ս.Փրկիչ Եկեղեցւոյ երիտասարդական երգչախումբը եւ հաւատացեալներ:
Սկսելով, Հայր Վարդան Գազանճեան բացատրեց ներկաներուն որ Պատարագին նպատակն է ընդառեջել Աստուծոյ հրաւէրին, մօտենալ Անոր եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան մէջ մտնել Քրիստոսի հետ, հրաւիրեով երիտասարդները խոստովանանքի առաւել մաքուր սրտով մօտենալու խորանին:
Պատարագի ընթացքին մատուցուեցաւ նաեւ Սուրբ Հաղորդութիւն:
Օրուայ քարոզը փոխանցեց Ս.Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան որ ոգեւորեց երիտասարդներուն ըլլալ կատարեալ հայ քրիստոնեաներ, հեռու մնալով միջակութենէն, նիւթապաշտութենէն, բոլոր տեսակի մոլութիւններէն պահելով Յիսուսի պատուիրանները որովհետեւ միայն այն ժամանակ է որ արժանի պիտի ըլլան երկնքի արքայութեան: Ան ըսաւ թէ Յիսուս հայ երիտասարդին բարեկամն է եւ պէտք է ըլլայ անոր տիպարը եւ օրինակելին ձգտելու կատարելութեան լաւ իմանալով թէ սրբութիւնը ծանօթ է հայ ժողովուվուրդին իր նահատակներու շնորհիւ որոնք իրենց զոհաբերութեամբ եւ արիւնով մեզի պահեցին հայ եւ քրիստոնեայ:
Պատարագի աւարտին Հայր Գաբրիէլ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ որովհետեւ Ան կը միացնէ մարդկութիւնը եւ կը պարգեւէ սէր, խնդրելով ուժ եւ կարողութիւն բոլորին մեծ թափով շարունակելու իրենց երթը: Սրբազան արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, Հայր Գէորգ Ասատուրեան, Հայր Գէորգ Նորատունկեան, Հայր Ղեւոնդ Քէնտիրճեան եւ Հայր Նարեկ Լուիսեան:
Այս երիտասարդական պատարագը հոգեւոր փորձառութիւն մըն էր մտերմանալու Աստուծոյ հետ մասնակցելով աղօթքով եւ երգով եւ որու աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ բակը իրար հանդիպելու եւ ծանօթանալու աւելի մօտէն: