Սիրելի՛ ընթերցող, փետրուարը միշտ նկատած եմ հայադրոշմ ամիսը, քանի անոր մէջ ամէնէն աւելի կը տօնուին հայազգի սուրբեր` հաւաքական անունով: Թէպէտ անոնցմէ ոմանք համարեա անծանօթ կը մնան հայ զանգուածին, բայց եւ այնպէս մեր Եկեղեցիին լուսապսակեալ մարտիրոսներն են դարերէ ի վեր:
Անծանօթներէն կը յիշեմ «Սրբոց Ոսկեանց քահանայից» հինգ հոգինոց խմբակը: Հեթանոսութենէն քրիստոնէացած հռոմէացի մենակեացներ, որոնք, քառասուն տարի ճգնաւորական ու քարոզչական կեանքն ապրելէ յետոյ Հայաստանի մէջ, 100 կամ 107 թուականին նահատակուեցան Եփրատ գետին Արածանի վտակին ակնաղբիւրին մօտ:
«Սրբոց Սուքիասանց մարտիրոսք», յորջորջեալ «Քօշից», Ոսկեանց քարոզութենէն եւ օրինակէն քրիստոնեայ դարձած 60-70 ալան իշխանազուններ, որոնք իրենց արքունական ապրելակերպէն հրաժարելով` քառասունչորս տարի ճգնեցան Բագրեւանդ գաւառին Ջրաբաշխ (Սուկաւէտ) լեռը, որ, 140-150 ժամանակամիջոցին, նաեւ դարձաւ նահատակեալներուն վկայարանը:
«Սրբոց Ատովմանց զօրավարաց» առաջին խումբը` կազմուած հազար բանակայիններէ, որոնք Ատոմ Գնունի նախարարին գլխաւորութեամբ 449-ին արժանացան նահատակութեան պսակին, որովհետեւ չուզեցին ուրանալ իրենց հաւատքն ու դրժել Յիսուս Քրիստոսը, ինչպէս պարսիկ Յազկերտ արքան (439-457) պահանջած էր անոնցմէ:
«Ատոմեանք երկրորդք» կամ «Նոր Ատոմեանք» Դուինի մէջ 853-ին մարտիրոսացած 150 հոգիներն էին, որոնք իրենց առաջնորդ Ատոմ Անձեւացիին հետ մերժեցին Հայաստանի վրայ նշանակեալ տխրահռչակ ոստիկան Բուղայի առաջարկը հաւատուրացութեան:
Խմբական անունով տօնուած մարտիրոսներուն ծանօթագոյններէն է «Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից» դասը` առաջնորդութեամբ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսին եւ Ղեւոնդ Երէց Վանանդեցիին, որ հանդիսացաւ թէ՛ ոգին Հայաստանի մէջ մազդէական կամ զրադաշտական կրակապաշտութեան տարածման դէմ բուռն պայքարին, թէ՛ մասնակիցը Վարդանանց պատերազմին եւ թէ՛ խրախուսիչ օրհնութիւնն «Աւարայր»-ի հերոսամարտին:
Երկու տարի (452-454) աքսորի, զրկանքի ու տանջանքի ենթարկուելէ յետոյ` անունով ծանօթ ինն հոգեւորականները նահատակուեցան զանազան տեղեր: Անոնց արիութենէն ու հաւատարմութենէն հիացած եւ քրիստոնէացած պարսիկ Նիւշապուհ մոգպետն ալ վկայակից դարձաւ:
Հայոց պատմութեան մէջ ու հայ ազգին համար մեծագոյն եւ մնայուն ժողովրդականութիւնը մի՛շտ ունէր, ունի ու յա՜ր պիտի ունենայ «Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց» աստղահոյլը, որուն 1036 կտրիճները, Վարդան Սպարապետին վերին հրամանատարութեամբ, զոհուեցան 26 մայիս 451-ին պարսիկներուն դէմ «յանուն հաւատոց եւ հայրենեաց» մղուած «Աւարայր»-ի ճակատամարտին մէջ, ինչպէս ալ յաջորդ օրերուն դիպած խուզարկումներու եւ կռիւներու ընթացքին:
Հայ ժողովուրդին ազգային ինքնութիւնը, կրօնական պատկանելիութիւնն ու հայրենի ազատութիւնը միասնական վճռակամութեամբ եւ անխորտակ կամքով պաշտպանելու համար այս պայքարը ոչ միայն կանխորոշեց հայաշխարհին երեք մարզերուն ազատագրութեան մեկնակէտը, այլ նաեւ տեւապէս ու յաջողապէս հանդիսացաւ խորհրդանիշը օտար տիրապետութեան դէմ մեր ոգորումին` անցեալին ու ներկային մէջ:
Ստոյգ է, որ «Աւարայր»-էն սկսեալ, դարերու ընթացքին, մինչեւ մեր ժամանակը եւ ասկէ ալ անդին շարունակող աստենական հոլովոյթին մէջ, «հայոց պատմութիւնը, իր հիմնական խորքով եւ էութեամբ, կը կրէ Վարդանանց հերոսներուն մշտական ներգործումն ու պայքարին գործօն ազդեցութիւնը»:
Այսպէս, երկրապահ դէմքերը, կրօնակերտ հոգիներն ու հայակնիք դարերը զիրար զօդած, միացնող եւ կցելիք այս վերոնշեալ նահատակներն ու սուրբերը, թէ՛ իրենց ինքնուրոյնութեամբ եւ թէ՛ իրենց զանազանութեան մէջ, ոչ միայն ունին հասարակաց տուեալներ, այլ նաեւ իրենց յաջորդ սերունդներուն փոխանցեցին ու մեզի կ՛աւանդեն իրենց կառչածութիւնը տոհմին, իրենց հաւատարմութիւնը հաւատքին եւ իրենց համոզուածութիւնը հայրենիքին հանդէպ:
Այս բոլոր վկայ կտրիճները կրնային ընտրել եւ ունենալ դիւրինը, հանգստաւէտն ու հաճոյքայինը, բայց նախընտրեցին զոհողութիւնն իրենց առօրեային մէջ եւ զոհաբերումն իրենց կեանքին, զոր դարձուցին «մահ իմացեալ` անմահութիւն»:
Այս իրողութիւններուն ու իմացութիւններուն դիմաց` միշտ յիշելու եւ յիշեցնելու եմ մեր նահատակներուն չուրացած Յիսուս Քրիստոսի յայտարարութիւնը. «Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մտթ. 13,9), որպէսզի արժանի չըլլանք նոյն աստուածային Իմաստունին այս այպանանքին. «Անդադար պիտի լսեն, բայց պիտի չհասկնան: Շարունակ պիտի նային, բայց պիտի չտեսնեն: Իրենց ականջները խցած են եւ իրենց աչքերը` փակած, որպէսզի չըլլայ, թէ իրենց աչքերը տեսնեն ու ականջները լսեն, ինչպէս ալ իրենց մտքերը հասկնան ու դարձի գան» (Մտթ. 13,14-15):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 13 փետրուար 2012