Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակը, երկրորդ տարին ըլլալով եւ անցնող տարուան յաջողութենէն մեկնելով, ծրագրած է կազմակերպել միջ-դպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Բ. մրցանքը։
Յայտնենք, որ առաջին մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին լիբանանահայ 11 վարժարաններ, իսկ մրցանակաբաշխութեան օրը մասնակիցներուն իր ուղերձը փոխանցած էր «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու Սարգիս Սերոբեան: Իսկ մրցանքէն ետք, մրցանքի լաւագոյն երեք աշակերտներուն գրութիւնները լոյս տեսան «Ակօս»ի եւ լիբանանահայ երեք թերթերուն մէջ:
Նախաձեռնութեան նպատակն է հայկական վարժարաններուն միջեւ ստեղծել հայերէն գրելու առողջ մրցակցութեան մթնոլորտ՝ քաջալեր հանդիսանալով ճշգրտօրէն հայերէնի գործածութեան ու շարադրութեան։
Մրցանքը նուիրուած է Տինքին, որպէսզի աշակերտութիւնը ծանօթանայ ենթակային եւ լաւապէս գիտնայ, որ ինք ունի խօսքի ազատութիւն՝ առանց կաշկանդումներու արտայայտելու իր միտքերը եւ հետապնդելու հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը։
«Հրանդ Տինք» Շարադրական Բ. մրցանքը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 18 փետրուար 2012-ին, վարժարանին մէջ։ Դատական կազմին անդամներն են Շահան Գանտահարեան, Սարգիս Նաճարեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան։
Առաջին երեք մրցանակակիրները պիտի ստանան պարգեւներ, իսկ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ Տինքին նուիրուած յատուկ նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ համապատասխան վարժարանին մօտ։ Այս նշանակը իբրեւ խորհրդանիշ կը պահուի, եւ դպրոցէ-դպրոց շրջագայութեան մէջ մտնելով կը յաւեր-ժացնէ ենթակային յիշատակը։
Մրցանքին արդիւնքը պիտի յայտարուի մրցանակաբաշխութեան յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 16 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին։
Նկատի առնելով ձեռնարկին օգտաշատ եւ հայանպաստ նպա-տակները, լիայոյս ենք, որ լիբանանահայ բոլոր վարժարանները կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը: Այս առիթով, շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ