Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2013 - Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուր Աբբահօր նամակը Հոգեւոր Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան առթիւ

Սուրբ Ղազար

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

Հոգեւոր Տէր,

Ընդունեցէ՛ք մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան առթիւ:
Թո՛ղ մանկացած Աստուծոյ Որդին Ձեզի քաջառողջութիւն պարգեւէ, Ձեր աստուածահաճոյ գործերը յաջողութիւններով պսակէ, Եկեղեցւոյ Պայծառութիւն տայ, ի սփիւռս աշխարհի գտնուող հայ ժողովուրդի զաւակներուն բարեբեր օրեր շնորհէ ինչպէս նաեւ բոլորիս սրտերը աստուածային սիրով ջերմացնէ:

Թող Բեթղեհէմի Մանուկ Յիսուսը տարածէ ամէնուր աշխարհ բերած իր երկնատուր խաղաղութիւնը, սփռէ իր աստուածային Սէրը, զօրացնէ հաւատքը ու յոյս ներշնչէ յուսահատ եւ վշտաբեկ ժողովուրդին որ ճարահատ մսուրին դիմաց ծնրադիր իր անսահման ողորմութիւնը կը հայցէ:

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն: Հրեշտակներու աւետիսին ձայնակցելով մեր աղօթքն ու պաղատանքը կը բարձրացնենք առ Աստուած որ բոլոր աշխարհի մարդիկ արժանի դառնան ու վայելեն Տիրոջ պարգեւած հոգիի խաղաղութիւնը՝ որ երաշխիքն է սրտի անդորրութեան:

Ձեր որհնութիւնն ու աղօթքները հայցող՝

Հայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեան
Ընդհանուր Աբբահայր
Մխիթարեան Միաբանութեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ