Հռոմ
Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս»ի անուան Հայոց եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 28 հոկտեմբեր 2012 առաւօտեան ժամը 11-ին, հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Վարդան եպս. Պօղոսեան, առընթերակայութեամբ Ուրուկուէյի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերյ. Անտոն վրդ. Քէչէճեանի եւ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւոր՝ գերյ. Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեանի։ Սուրբ արարողութեան ընթացքին գերապայծառ Պօղոսեան սակաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագ Կենարիոս Լուսարարեանը, որ աւարտելէ ետք աստուածաբանութեան մասնաճիւղը կուսակրօն քահանայ պիտի ձեռնադրուի:
Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Անարատ Յղութեան միաբանութեան հայ քոյրերու եւ Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը։
Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, հայ եւ իտալացի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, եկեղեցական ու դաւանագիտական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ձեռնադրեալին բարեկամները, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ ու ժառանգաւորներ (որոնք նոյն համալսարանը կը յաճախեն), ներկայ էին ձեռնադրեալին մօր ու եղբօր կողքին, որոնք յատուկէն Ուրուկուէյէն Հռոմ ժամանած էին այս արարողութեան համար։
Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր՝ գերյարգելի Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեան, ձեռնադրիչ գերապայծառին ներկայացուց կիսասարկաւագ Կենարիոս Լուսարարեանը, խնդրելով որ իրեն շնորհէ սարկաւագի աստիճանը։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, պատարագիչ գերապայծառը իր քարոզին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իր եկեղեցին կը հարստացնէ նուիրեալ անձերով որպէսզի հովուեն Իր հօտը եւ ծառայեն Իր եկեղեցւոյ։ Ան վեր առաւ նոր սարկաւագին արժանիքները եւ նուիրումի հոգին, որովհետեւ անվարան այոն ըսաւ Տիրոջ կանչին, ապաւինելով Աստուծոյ ու Աստուածամօր ներգործութեան... Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Կենարիոս սարկաւագը:
Սրբազան արարողութիւնէն ետք, եկեղեցւոյ մէջ ներկաները շնորհաւորեցին Լատին Ամերիկայի առաջնորդը, նոր սարկաւագ՝ Կենարիոսը եւ անոր ընտանեկան պարագաները, որմէ ետք Լեւոնեան վարժարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը։
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=634231