Չորեքշաբթի, 16 Մայիս 2007 - Ռամկավար Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը

 

Պէյրութ, Լիբանան

Չորեքշաբթի, 16 Մայիս 2007ին , կէսօրէ առաջ ժամը 10:00ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայ Կաթողիկէ
 
 
Պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շրջանային նորընտիր վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին լիբանանեան խորհրդարանի անդամ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեան, վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան եւ վարչութեան անդամներ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարոական Թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Արհի. Վադան Եպս. Աշգարեան:

Շուրջ 45 վարկեան տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանահայութեան դիմագրաւած խնդիրները՝ ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական զանազանութենէն մէջտեղ եկած ծանր  իրավիճակի լոյսին տակ եւ զանոնք յաղթահարելու միջոցները, ինչպէս նաեւ Հայ Դպրոցի պահպանման վերաբերեալ հարցերը:

  
 
Շեշտուեցաւ լիբանանահայութեան համահայկական զօրակցութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Այս կապակցութեամբ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց միացեալ ճիգերով գործելու եւ միասնաբար հանդէս գալու կարեւորութիւնը ի նպաստ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ