Երեքշաբթի, 11 Փետրուար 2014 - «Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւնները եւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը» նիւթով միջդպրոցական դ. Սեմինար

Պէյրութ

Գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի Տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, այսօր, շաբաթ, 8 փետրուար 2014-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական աշակերտական միօրեայ Դ. սեմինարը, որուն նիւթն էր «Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւնները եւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը», մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու ներկայացուցիչներուն:
Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներէն ետք, սեմինարին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի ատենապետ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտին գոյատեւման նպաստող կարեւոր ազդակ է ազատ հայրենիքը եւ այս առնչութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան երկքաղաքացիութեան օրէնքը առաւել եւս կ՛ամրացնէ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ լիբանանահայ աշակերտը ընկերութեան զարգացման մէջ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը, եւ այս առնչութեամբ պէտք է գիտակցօրէն եւ գործնական միջոցներով մասնակից դառնայ Հայաստան-սփիւռք յառաբերութիւններուն զարգացման աշխատանքներուն: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանին, սեմինարի դասախօսներուն եւ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղաւ իրականացնել նշեալ նախաձեռնութիւնը:
Իր կարգին, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայաստանի այսօրուան իրավիճակը, պետութեան գործունէութիւնն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն ընթացքը: Պրն. Քոչարեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է հիւրընկալելու հայ աշակերտները, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան հայրենիքին: Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը մեծապէս գնահատեց 75-ամեայ Մեսրոպեան վարժարանին աշխուժ եւ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, որ հանրակրթական իմաստով ունի իր իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու արժէքը:
Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր պրն. Շահան Գանտահարեան, որ ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան Երկքաղաքացիութեան օրէնքը եւ անոր համահայկական արժէքը» նիւթը: Զեկուցումէն ետք, աշակերտները ամբողջացուցին խմբակին պատրաստած հարցախոյզը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Հայաստանի մասին տեսերիզ մը:
Օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր պրն. Նազարէթ Ճէրէճեան, որ խօսեցաւ Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւններուն կարեւորութեան եւ ընդհանուր միջոցներուն մասին: Աշակերտները հարցումներով եւ տեսակէտներով իրենց մասնակցութիւնը բերին զեկուցումներուն:
Ճաշի դադարէն ետք, սեմինարին մասնակիցները բաժնուեցան 4 խումբերու: Իւրաքանչիւր խումբ ստանձնեց նիւթ մը` Հայաստանի նուիրուած ձեռնարկի մը յայտագիրի պատրաստութիւն, Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ արհեստագիտական միջոցները, երկքաղաքացիութեան օրէնքին քարոզչութեան եղանակները եւ աշակերտներու Հայաստանագնացութեան ծրագիր: Խմբային աշխատանքներուն յաջորդեց խումբերուն ներկայացումները, որոնք աշակերտներուն կողմէ քննութեան առարկայ դարձան:
Աւարտին, ներկայացուեցաւ հարցախոյզին արդիւնքները: Սեմինարը փակուեցաւ ժամը 4:00-ին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ