Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2014 - Մինսքի Առաքելական նուիրակ Գլաուտիօ արքեպիսկոպոս Կուճերոդդիի զօրակցական նամակը Հոգեւոր Տիրոջ


Նամակ ուղղուած Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին
Մինսքի Առաքելական նուիրակ Գլաուտիօ արքեպիսկոպոս Կուճերոդդիէն

Գերերջանիկ Տէր,

Լուրջ մտահոգութեամբ կ'իմանամ Քեսապի հայերուն ողբերգական իրավիճակին մասին:
Կ'երեւակայեմ որքան տառապանք կը կրէ այս տոկուն, ծաղկուն եւ քաջարի  հասարակութիւնը, որ պատմական մեծ արժէք մը ունի եւ որ անմիջականօրէն կախեալ է Ձեր իշխանութենէն:
Ձեր յայտարարութեան խօսքերէն կը յայտնուի հօր եւ հովիւի Ձեր ամբողջ մտահոգութիւնը:
Կ'ուզեմ Ձեզի յայտնել իմ քրիստոնէական եւ մարդկային մօտիկութիւնս, սրտագին եղբայրակցութեամբ միացած, որ կ'արտայայտուի աղօթքի մէջ առ Աստուած, որպէսզի հայերուն խնայէ նոր տառապանքներ, կասեցնէ ձեռքը յարձակողներուն եւ դարձի բերէ անոնց սրտերը, մխիթարէ անոնք, որոնք պատուհասուած են բռնութենէն եւ նեցուկ կանգնի Ձեզի այս դժուարութեան պահուն:

Մեծարանքով
Ձերդ՝
+ Գլաուտիօ Կուճերոդդի
Առաքելական Նուիրակ ի Պիելորուսիա

Մինսք, 26 Մարտ 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ