Կիրակի, 12 Մայիս 2013 - 2013-ի Հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օր

Պէյրութ

Կիրակի 12 մայիս 2013-ին կը նշուի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 47-րդ Համաշխարհային Օրը, որուն բնաբանն է՝ «Ընկերային Ցանցեր, ճշմարտութեան եւ հաւատքի դռներ, Աւետարանի քարոզութեան նոր տարածքներ»։ Սրբազան քահանայապետին այս պատգամը լոյս տեսած էր անցեալ 24 յունուար 2013-ին, լրագրողներու պաշտպան սուրբին՝ սուրբ ֆրանչիսքոս Սալեզացի տօնին օրը։

Այս առիթով, Պէյրութի մէջ տեղի  ունենայ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 47-րդ Համաշխարհային Օրուան նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, գլխաւորութեամբ՝ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովի նախագահ մարոնի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն մասնակցեցաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Նմանապէս հինգշաբթի 9 մայիսին  տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, հաղորդամիջոցներու կաթողիկէ կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցեցաւ նախարար Տաուք:
 
Ընկերային հաղորդամիջոցները ներառեալ՝ ընկերային համացանցերը շինիչ երկխօսութեան առիթներ կ'ընծայեն, ամրապնդելով մարդոց միջեւ միութիւնը եւ յառաջացնելով արդիւնաւէտ ներդաշնակութիւնը մարդկային ընտանիքէն ներս։ Այս առիթով, հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցները հրաւիրուած են նոր եռանդով եւ միասնակամ զարգացնելու իրենց աշխատելաձեւն ու ներդաշնակ համագործակցութիւնը իրար միջեւ, լաւապէս իրագործելու մեր վսեմ առաքելութիւնը՝ Աւետարանի Խօսքին եւ քրիստոնէական արժէքներուն տարածման համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ