Պէյրութ
Շաբաթ, 8 սեպտեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, թեմի քահանաներու հետ հերթական ժողովի մը ընթացքին, յայտարարեց «Նոր Աւետարանացում»-ի համար գրասենեակ ստեղծելու իր որոշումը, զուգահեռ Հաւատքի Տարիին, զոր Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց եւ որուն ընթացքին կը գումարուի Նոր Աւետարանացումի թեմայով սիւնհոդոսը, 7-28 հոկտեմբերին։
Այս նորաստեղծ գրասենեակին հիմնական նպատակը պիտի հանդիսանայ քրիստոնէական կազմաւորումը թեմէն ներս, եկեղեցական գիտելիքներու զարգացման ուղիով։ Ան պիտի հետապնդէ քրիստոնէականի ուսուցումը ժողովրդապետութիւններէն, դպրոցներէն ու թեմական ենթակառոյցներէն ներս եւ Աստուծոյ Խօսքին տարածումը համայն հաւատացեալներուն, մանաւանդ նոր սերունդին, արդիական միջոցներու օգտագործումով։ Այս գործընթացը պիտի սատարէ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդին հաւատքին հասունացման։
Նորաստեղծ գրասենեակի գործունէութեան շրջագիծէն ներս ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը կապի մէջ պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն հետ շաբաթական հերթականութեամբ, անոնց տալով իմաստուն խորհրդածութիւններ՝ Twitter ընկերային հաղորդամիջոցով (հասցէն՝ Nerses Bedros XIX)։
Միաժամանակ, հայ կաթողիկէ երիտասարդներու համար բացուեցաւ յատուկ կայքէջ մը՝ youth.armeniancatholic.org, որուն նպատակն է հրաւիրել նոր սերունդը մասնակցելու հայ կաթողիկէ զանազան միջոցառումներուն, ստեղծել սերտ կապեր Աստուծոյ ու իրարու միջեւ եւ այժմէական կերպով տեղեակ մնալ հայ կաթողիկէ երիտասարդական շարժումներու գործունէութիւններուն։
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի
Լրատուական Գրասենեակ