Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2009 - 70-Ամեայ Վարժարանի 70-րդ Հունձքը

Լիբանան

 
Շաբաթ, 23 Մայիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին հոծ բազմութիւն մը հաւաքուեր էր Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի
 
շրջափակը, մասնակցելու համար վարժարանի 44 աւարտական աշակերտներու վկայականներու բաշխման ամավերջի հանդէսին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները հնչելէն յետոյ, գեղեցիկ եւ ճաշակով յարդարուած բեմ բարձրացաւ Արուեստից վարժարանի ուսանողուհիներէն Մարիա Գալտոյեան հրաւիրելու համար վարժարանի տնօրէնը, որ փոխանցէ իր խօսքը:

Տնօրէնը իր խօսքը սկսաւ, մէջբերելով վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներէն մէկուն խօսքերը, թէ «Գացէ՛ք, տարածուեցէ՛ք եւ եղէ՛ք դեսպանները Ս. Մեսրոպի եւ ներկայացուցիչները Մեսրոպեան վարժարանի: Հասած է ժամը մուտք գործելու մեծ կեանքի դռնէն: Այդ աշխարհը ոչ ոք կը ճանչնայ, սակայն անվախ եղէ՛ք, քանզի սնած եւ զօրացած էք Ս. Մեսրոպի տուած այբուբենով եւ պայքարած Ս. Խաչով»: Այնուհետեւ շարունակելով իր խօսքը, պարոն տնօրէնը ըսաւ. «70 տարիներ սերունդներ դաստիարակող կրթական հաստատութիւնը այսօր կու տայ իր 70-րդ հունձքը: Ասիկա ինքնին մեր հաստատութեան կրթական առաքելութեան մէջ յաջողութեան խօսուն ապացոյցն է, որուն մենք կը հասնինք Ս. Մեսրոպի շունչը փոխանցելով իրարայաջորդ հայ սերունդներուն եւ անոնց տալով լաւագոյնը՝ դառնալու համար տիպար քաղաքացիներ իրենց երկրին համար: Մենք կը հաւատանք, որ սփիւռքահայութեան գոյատեւումն ու զարգացումը եկեղեցւոյ կողքին կը պայմանաւորուի նաեւ հայ վարժարանի կայունութեամբ»: Շարունակելով իր խօսքը, Պր. Կրէկուար Գալուստ յատուկօրէն յիշեց այն բոլոր փոփոխութիւններն ու շինարարական եւ բերակարգչային աշխատանքները, զորս կը սպասուին մօտ ապագային Մեսրոպեան վարժարանին: Ան շեշտեց, որ այդ բոլոր գործերը, ինչպէս նաեւ մինչեւ օրս վարժարանի վերելքի ու յաջողութեանց համար տարուած բոլոր աշխատանքները իրագործուած են վարժարանի անձնակազմին հետ միասնաբար՝ ձեռք ձեռքի տուած, եւ «Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի այս վարժարանը իսկապէս դառնայ բոլորի բարի խօսակցութիւններու ու նախանձի առարկան», ըսաւ Պր. Գալուստ:

 
Այնուհետեւ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, պարոն տնօրէնը ըսաւ, որ անոնք հրաժեշտ առնելով Մեսրոպեանէն, ուր անոնցմէ շատեր
 
ուսանած են 15 տարի, ոմանք ալ քիչ նուազ, պիտի չմոռնան, որ հոս առած են հոգեւոր, ազգային եւ համամարդկային սնունդ, ինչպէս նաեւ ստացած են հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դաստիարակութիւնը: «Դուք Մեսրոպեանի անունը միշտ բարձր պիտի պահէք. ձեր բաժանումը այս դպրոցէն ֆիզիքապէս է միայն, բայց վս¬տահ ենք, որ ձեր հոգիները եւ ձեր գեղեցիկ մտքերը պիտի ապրին երկար այս վարժարանի մէջ», շարունակեց պարոն Գալուստ, յատկապէս շեշտելով, որ «Մենք առաւել եւս հպարտ պիտի զգանք, երբ ձեզմէ իւրաքանչիւրը՝ անխտիր, քանի մը տարիներ յետոյ պիտի ստանայ աւելի բարձր վկայականներ, որոնց բաշխման հանդիսաւոր արարողութեանց չմոռնաք հրաւիրելու նաեւ մեզի»:

Իր խօսքի աւարտին Պր. Կրէկուար Գալուստ յայտարարեց նոր մրցանակաբաշխութեան մը մասին, որ հիմնուած էր առաջարկով վարժարանի նախկին սաներէն մէկուն եւ կը կրէր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Հայր Պօղոս Վրդ. Պզտիկեանին անունը: Մրցանակը պիտի տրուի ամէն տարի, երկրորդականի բաժինի բարձրագոյն միջինը ապահոված աշակերտին կամ աշակերտուհիին: Այս տարի այդ մրցանակը ձեռամբ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան ատենապետ Տոքթ, Գրիգոր Էճիտեանի եւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի յանձնուեցաւ աշակերտուհի Փաթիլ Մարսիմի: Մրցանակը կը կազմէ 300 ամերիկեան տոլարի համարժէք գումար:

Այնուհետեւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրով հանդէս եկան աւարտական աշակերտները, որոնք իրենց աւարտական տարազներու վրայ կը կրէին գեղեցիկ զանգակներ՝ որպէս խորհրդանիշ դպրոցական վերջին զանգին:

 
Աշակերտութեան անունով հայերէն խօսքով հանդէս եկաւ Արուեստից վարժարանի ուսանողուհի Օրդ. Մարիա Գալտոյեան, որ ըսաւ. «Մենք շատ
 
հպարտ ենք, որ յաճախած ենք ա՛յս վարժարանը, որը կրցաւ բոլորիս մէջ սերմանել եւ կերտել այնպիսի արժէքներ, ինչպիսին են աշխատասիրութիւնը, ինքնավստահութիւնը եւ մանաւա՛նդ՝ Աստուածապաշտութիւնը: Այսօր եկած ենք քաղելու մեր տարիներու տքնաջան աշխատանքի պտուղները: Այդ տքնաջան աշխատանքի անմնացորդ մասնակիցներն էին մեր պատուարժան տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմերը, որոնք իրենց ուսերուն վրայ առին մեր ապագան կերտելու ծանրագոյն բեռը»:

Գեղարուեստական բաժինի մէջ յատկապէս հետաքրքրական էր աշակերտ Նազարէթ Թովմասեանի «Ծիծաղ Արտասանութիւնը», զորս ան նուիրեց իր հայերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Նանոր Պետրոսեանին:

Շրջանաւարտներու անունով արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն խօսքեր յաջորդաբար առին Էթիէն Սէօքիւնեան, Թինա Կարապետեան եւ Փաթիլ Պաղտիկեան: Գեղարուեստական յայտագիրը կÿընդգրկէր երգ, նուագ, ինչպէս նաեւ Տի.Վի.Տի.-ի ցուցադրութիւն, որ կը կրէր «Promo 2009» խորագիրը:
Հայրենի երգիչ Թաթայի «Վերջին Զանգ» երգի խմբային կատարումը յուզեց բոլոր ներկաները, որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ վարժարանի վահանի հանդիսաւոր յանձնման արարողութիւն:

Վկայականներու բաշխման արարողութենէն առաջ Հայրական Խօսքով հանդէս եկաւ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ