Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2012 - Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սինհոդոսի բացում Զմմառու մէջ


Զմմառ

Այսօր՝ չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 11-ին, հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի բացումը կատարուեցաւ Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին:

Սիւնհոդոսական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի ու Ամերիկաներու հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդները։ Բացառաբար, Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան պիտի բացակայի այս սիւնհոդոսին, Սուրիոյ տագնապալի պայմաններուն պատճառաւ: 

Նիստերուն ընթացքին պիտի քննարկուին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրատապ հարցերը, նուիրապետութեան ընկերային հաղորդամիջոցներու իրողութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները ու պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու գործընթացքը։

Սիւնհոդոսական հայրերը յատուկ կերպով պիտի անդրադառնան Հաւատքի Տարւոյն, զոր հռչակեց Եկեղեցին 7 հոկտեմբեր 2012-էն մինչեւ 21 նոյեմբեր 2013, եւ որուն ընթացքին, Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, 7-28 հոկտեմբեր 2012-ին՝ «Նոր Աւետարանացումը» խորագրով։

Սիւնհոդոսական հայրերը պիտի արժեւորեն նաեւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը՝ Լիբանան, կոչ ուղղելով քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց հայրենիքին, մշակոյթին ու կրօնքին, համակեցութեամբ ապրելով երկրի այլ հատուածներուն հետ:  Այս ծիրին մէջ, անոնք բարձր կը գնահատեն Սրբազան քահանայապետին պատմական այցելութիւնը Զմմառու Տիրամօր վանք, ուր Սրբազան պապը օրհնեց «Ուրբաթագիրք»-ին տպագրիչ հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նորակերտ արձանը, որ կառուցուեցաւ հայկական տպագրութեան երախայրիքին 500-ամեայ յոբելեանին առիթով:

Սիւնհոդոսի ժողովները պիտի ընթանան մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ