Թիֆլիս
Հոկտեմբեր 6-ին, Ախալցխայի միջնադարեան «Սուրբ Երեւման» եկեղեցին մօտ երեք տարի տեւած շինարարական աշխատանքներէն յետոյ վերաօծուեցաւ որպէս կաթողիկէ «Սուրբ Ռոզէյրի»-ի եկեղեցի: Եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած է Սուրբ Պենետիքթի անուան փակ կուսանոց, ուրտեղ արդէն իսկ կ'ապրին չորս կոյսեր Իտալիայէն եւ մէկ կոյս` Թիֆլիսէն:
Եկեղեցին վերաօծեց Հարաւային Կովկասի կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչ՝ եպիսկոպոս Ճիուզեփէ Փազոթոն: Վերաօծման արարողութեան ներկայ էր Վատիկանի դեսպան Մառեկ Սոլչինսկին, որ ներկաներուն արտասանեց Հռոմի Պապի ողջոյնի նամակը, որուն մէջ նաեւ նշուած է թէ անոնք ուրախ կ'ըլլան եկեղեցւոյ մէջ տեսնել ոչ միայն վրացի ու հայ կաթողիկէներ, այլ նաեւ` հայ առաքելական եւ վրացի ուղղափառ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ:
Եկեղեցին, ինչպէս մեզի հասած որոշ աղբիւրներ կը վկայեն, որ կառուցուած է 7-րդ դարուն, հայոց կաթողիկոս Ներսէս Գ. Տայեցի նախաձեռնութեամբ: 17-18-րդ դարերուն, «Սուրբ Երեւման» եկեղեցին շրջանի կաթողիկէութեան լայն տարածման արդիւնքով տրուած է հայ կաթողիկէներուն:
2010 թուականի վերանորոգման աշխատանքներու ժամանակ պարզուեցաւ, որ մաքրութեան աշխատանքներ իրականացնելու պատրուակով բանուորները հանել էին Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ խորանը: Տուեալ աշխատանքներու ժամանակ դուրս բերուած են հայկական արձանագրութիւններով 4 խաչքարեր, որոնց մէկուն վրայ հայերէն արձանագրութիւններու կողքին թուագրուած էր 1366 թուականը: