Պուրճ Համմուտ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի BT եւ TS պետական քննութիւններուն, մանկավարժութեան բաժանմունքի արդիւնքներէն յայտնի կը դառնայ, որ մեր աշակերտութիւնը կ՛արձանագրէ պատուաբեր յաջողութիւններ։
Այսպիսով՝ 18 ուսանողուհիներէն 15 հոգիներ յաջողած են։
Թէքնիք Պաքալոէայի BT-ի վկայեալներն են՝ Սալբի Երէմեան, Ռաքել ԱսաՖ, Սիրան Կիւրիւնեան, Նաթալի ՔարքաՖի, Ալին Նոհրա, Ցոլեր Պոյաճեան, Մարիա Պէրպէրեան, Գարին Մեթնի, Ծիլա Կէպենեան, Թալին Հէքիմեան եւ Ժիւլիանա Այնէճեան։
Բարձրագոյն եւ մասնագիտացած TS-ի վկայեալներն են՝ Ծովինար Կիւմիւշեան, Մարալ Ճրճրեան, Միրէյ Ապտոյեան եւ Մարիա Չուլճեան։
Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ իր ուսանողուհիները այս յաջողութեան առիթով եւ կը վերահաստատէ թէքնիք կրթութեան մարզին մէջ իր առաջատար ծառայութիւնը շարունակելու եւ զարգացնելու յանձնառութիւնը՝ ի շահ լիբանանահայ նոր սերունդին։
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ