Ուրբաթ, 31 Մայիս 2013 - Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Շուէտի մէջ

Շուէտ

Կիրակի 26 մայիս 2013, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Շուէտի «Սուրբ Ֆրանչիսկոս» լատին եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Գրիգոր կիսասարկաւագ Տէգերմէնճեանին սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ՝ արհի. Գէորգ արք. Խազզումեանին։

Այս առթիւ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորական նամակ մը յղեց նոր սարկաւագ՝ Տէր Գրիգորին, յայտնելով որ միմիայն հաւատքին միջոցաւ կարելի է գնահատել այս շնորհքը, որ Աստուած պարգեւեց անոր եւ զինք մղեց նուիրուելու Յիսուսին եւ հոգիներու ծառայութեան ու բարիքին համար: Հոգեւոր Տէրը նամակին մէջ կը փոխանցէ իր բարեմաղթութիւնները նոր սարկաւագի հարազատներուն եւ Շուէտի հայ հաւատացեալներուն:
    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ