Երեքշաբթի, 18 Յունուար 2011 - Կենսագրութիւն՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեանի (1927-2011)

 

 

Կենսագրութիւն

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքի (1927-2011)

 

 

Ան ծնած է 20 յունուար 1927-ին, Գահիրէ:

Զմմառու միաբանութեան նորընծայարան կը մտնէ 1943-ին:

1946-ին կը ղրկուի Հռոմ, ուր կը կատարէ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումները Գրիգորեան համալսարանին մէջ: 

Քահանայ կը ձեռնադրուի 18 ապրիլ 1952-ինեւ 1952-1953 տարիներուն փոխ տեսուչի պաշտօնը կը ստանցնէ Զմմառու սուրբ Միքայէլ նորընծայարանին

եւ ապա Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ:

Այս շրջանին, օգտուելով Հռոմ իր կեցութենէն, եկեղեցական իրաւագիտութեան վկայականը ձեռք կը ձգէ Լատերանի համալսարանին մէջ:

Գահիրէի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ կ’անուանուի 1957-էն մինչեւ իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը 25 փետրուար 1973-ին,

Պաղտատի հայ կաթողիկէ թեմին համար:

5 օգոստոս 1982-ին, հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրապետներէն Հռոմի մէջ կ’ընտրուի կաթողիկոս պատրիարք կաթողիկէ հայոց:

Գահակալութիւնը տեղի կ՛ունենայ Զմմառու մէջ 12 սեպտեմբեր 1982-ին:

1982-էն, Գասպարեան հոգեւոր տէրը  իր ազնուութեամբ եւ լաւատեսութեամբ, ինչպէս նաեւ իր իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ հաշտարար ու փրկարար,

թէեւ ծածուկ, բայց կարեւոր դրական դեր մը կը խաղայ լիբանանեան պատերազմի օրերուն:

Արժանիքն կ’ունենայ կանգուն պահելու իր պատրիարքական թեմին բոլոր ժողովրդապետութիւններէն ներս արժանաւոր գործունէութիւնները:

Ան իր պատրիարքական գահակալի պաշտօնէն կը հրաժարի 1999-ին,

եւ կ’անցնի Զմմառու պատրիարքական մայրավանք, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը՝ 16 յունուար 2011-ին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ