Ուրբաթ, 13 Յուլիս 2012 - Գ. Հարպոյեան վարժարանի 2012-ի ամավերջի հանդէս


Զալքա

Չորեքշաբթի, 4 Յուլիս 2012, երեկոյեան ժամը 8-ին, երկրորդական դասարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը քաղեց 2012 տարուան իր հունձքը, որ կը զուգադիպէր վարժարանիս հիմնադրութեան 25-ամեակին: Հանդէսին նախագահութիւնը ստանձնած էր Լիբանանի կրթական նախարարութեան ոչ-պետական վարժարաններու բաժնի տնօրէն Պրն. Իմատ Ալ Աշքար: Ներկայ էին հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէն արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, հիւրեր, ծնողներ, հարազատներ ու բարեկամներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որոնց յաջորդեց լիբանանեան եւ օտար ծրագիրներու մասնակից 17 շրջանաւարտներու մուտքը՝ Մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն ձեռքէն բռնած ու բոցավառ ջահը անոնց յանձնելով: Վարժարանին վահանը յանձնուեցաւ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն այս վարժարանին գոյերթը ապահովել եւ տարուէ տարի մեր մտաւոր զարգացման պաշտպան հանդիսացող վահանը իրենց կարգին փոխանցել գալիք սերունդներուն:

Հայերէն լեզուով ուղերձ կատարեց 12-րդ դասարանի փայլուն աշակերտներէն Հերա Գրիգորեան, որ վերյիշեց մանկութեան օրերուն դէպի դպրոց ուղղած իր առաջին քայլերը, ուր դասընկեր-դասընկերուհիներով կիսեց կեանքի խինդն ու տխրութիւնը: Ապա անոնք իրենց թանկագին մայրերուն համար երգեցին «Իմ Անուշ Մայրիկ» երգը ու անոնց նուիրեցին մէկական վարդեր: Ապա արաբերէն լեզուով ուղերձ կատարեց Փաթիլ Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ «ժամը հասած է աւարտին, երբ հրաժեշտ կու տանք այն վարժարանին, ուր սորվեցանք կեանքի հիմնական դասերը: Այսօր գիրքերն ու տետրակները կը գոցուին եւ կ’անցնինք մեր կեանքի երկրորդ հանգրուանին»: Յակոբեան իր եւ դասընկերներուն անունով խօսք տուաւ դպրոցին՝ յաջողութեամբ ընթանալ կեանքի ճամբաներով:

Մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը երգով, ասմունքով եւ պարով շատ տպաւորիչ կերպով ներկայացուցին Փաթիլ Յակոբեան, Լիւսի Մազմանեան եւ Փաթիլ Գանտահարեան եռեակը, որուն յաջորդեց անգլերէն ուղերձը՝ փայլուն աշակերտուհի Սարին Սիմոնեանի կողմէ, որ ըսաւ, թէ դպրոցէն ներս իր ունեցած փորձառութիւնը անմոռանալի է, ու «թէեւ շատեր կրնան այլ ճամբաներով մեկնիլ, մինչ ուրիշներ կրնան բարեկամներ մնալ, բայց վստահօրէն բոլորս ալ երբ դէպի ետ նայինք՝ ժպիտով պիտի յիշենք մեր սիրելի դպրոցը»:

Վարժարանիս պարախումբին կատարողութեամբ «Զանգեզուր» պարին յաջորդեց Յարութ Էքմէքճեանի ֆրանսերէն ուղերձը, որուն մէջ ան երախտապարտութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն զոհողութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն ծնողներուն, որոնք ոչինչ խնայեցին՝ իրենց լաւագոյն ուսում ապահովելու համար□: Այնուհետեւ շրջանաւարտուհիները խմբուելով ու հայկական հպարտ քայլերով պարեցին «Սասնայ Պար»ը, որմէ ետք տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ներկաները դիտեցին 2011-2012 կրթական տարեշրջանի ընթացքին շրջանաւարտներուն անցուցած օրերը, անոնց բաժանումը եւ վերջին զանգին հետ իրենց ուրախութեան եւ տխրութեան վայրկեանները:

Ապա բեմ բարձրացաւ եւ իր խօսքը փոխանցեց վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «այս տարուան հունձքը յոբելինական պատուաբեր հունձքն է՝ վարժարանիս 25-ամեակին զուգադիպող: Շրջանաւարտները հպարտ պէտք է զգան այս առիթով, նաեւ որովհետեւ այս տարին յատուկ է՝ Սեպտեբերին կայանալիք Պենետիքթոս 16-րդ սրբազան Պապին այցելութեամբ: Մեր աշակերտները ապրեցան այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որ կ’ապահովուի միայն հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ, վերջինիս ունեցած իւրայատուկ կենցաղով: Եւ այս առիթով հպարտօրէն կը յայտարարենք, որ յառաջիկայ տարեշրջանին մեր վարժարանը պիտի ունենայ աւարտական դասարանի երրորդ՝ Ընդհանուր Գիտութեան բաժանմունքը»: Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք պտուղներն էք Հարպոյեան վարժարան ծառին, որ սնած է հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան հովանիին տակ, հոգեւոր թէ աշխարհական լոյսի մշակներուն հոգատարութեամբ»: Ապա ան իր արաբերէն խօսքը ուղղելով օրուան նախագահ Պրն. Աշքարին ըսաւ, թէ պատիւ է ընդունելու իր նման անձնաւորութիւն մը, եւ մաղթեց, որ □միասնաբար կարենան շարունակել լիբանանեան ուսման մակարդակը բարձր պահել, հակառակ տնտեսական շատ դժուար պայմաններուն»:      

Պրն. Իմատ Ալ Աշքար իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ուսուցիչներուն անձնուրաց աշխատանքին՝ աշակերտները կեանքի գալիք հանգրուաններուն պատրաստելու գծով: Ան նաեւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու ճակատագիրներուն մէջ նմանութիւն գտնելով՝ դրուատեց հայ ժողովուրդին դրական դերը լիբանանեան իրականութեան մէջ: Իսկ աշակերտներուն խրատելով ըսաւ, որ անոնք իրենց սորված արժէքներն ու սկզբունքները չնոռնալով պէտք է աշխատին աւելի լաւ միջավայր մը կերտելու, որովհետեւ Լիբանանը պէտք ունի կոռովալից ու ուժականութեամբ լեցուն երիտասարդներու: 

Այս խօսքին յաջորդեց հայրերուն նուիրուած «Հայր Իմ Մանկուց» եւ «Բարի Հայրիկ» երգերու խմբային կատարումը, որմէ ետք անոնք մէկական վարդեր նուիրեցին իրենց հայրերուն:

Միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու լաւագոյն երկու միջիններ ապահոված աշակերտները ստացան մրցանակներ՝ տրամադրուած «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» Ֆոնտին կողմէ: Նուէրներու արժանացան նաեւ հայերէն լեզուի մէջ բարձր միջին ապահովողները: Այնուհետեւ, կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը:

Փակման խօսքով Թէյրուզեան եպիսկոպոսը ըսաւ, թէ «մեր երիտասարդները յաջողութեան պիտի հասնին շնորհիւ իրենց հաւատքին եւ Աստուծոյ վրայ ունեցած վստահութեան: Եւ այսօր, երբ անոնք մեծ երազներով անկիւնադարձային նոր էջ մը պիտի բանան իրենց կեանքին մէջ, դիավարելու դէպի ծովերուն բացերը եւ նուաճելու բարձր գագաթները, անոնք միշտ մեծ սիրով պիտի վերյիշեն իրենց դպրոցական անմոռանալի օրերը»: Գերապայծառ հայրը իր խօսքը աւարտեց յորդորելով «հպարտանալու լուսաւորչեան հաւատքով եւ հայրենասիրական արժէքներով թրծուելով: Ասոնցմով մղուած է, որ մեր բարերարները հիմնեցին դպրոցներ ու եկեղեցիներ, եւ տայ Աստուած, որ անոնց նմանները շատնան ու կառուցեն նորանոր դպրոցներ ու եկեղեցիներ, ուր մարդ արարածը իր լրումին կը հասնի»:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանիս շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, կրակներով խաղերու ներկայացում եւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ աշակերտները հատեցին կարկանդակը եւ ընդունեցին շնորհաւորանքները:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ