Լիբանան
Համաշխարհային Սկաուտական շարժումի 100 ամեակի առիթով՝ Scout du Liban կազմակերպած էր գոհաբանական Ս. Պատարագ որ տեղի ունեցաւ 1 Օգոստոս 2007ին առաւօտեան ժամը 6:00ին Հարիսայի մայր տաճառի շրջափակէն ներս, որուն ներկայ էին Լիբանանի սկաուտական շարժումներու հոգեւոր վարիչները եւ 1000է աելի նախկին եւ ներկայ սկաուտներ:
Այս Ս. Պատարագին որ համաշխարհային յատուկ երեւոյթ մըն էր «Քրիստոս Լոյս Աշխարհի» (Scouting Sunrise) վերնագրին տակ իրենց մասնակցութիւնը բերին Աշրաֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Պուրճ Համուտի Ս. Մեսրոպի սկաուտները, առաջնորդութեամբ Հայր Ղեւոնդ Վդ. Քէնտիրճեանի եւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի:
Ս. Պատարագի աւարտին սկաուտները վերանորոգեցին իրենց ուխտը հաւատարիմ մնալու իրենց քրիստոնէական եւ սկաուտական սկզբունքներուն՝ ըլլալու անկեղծ, պարկեշտ եւ ծառայասէր: