Պշարի, Լիբանան
26-էն 29 յուլիս 2012 տեղի ունեցան Լիբանանի երիտասարդական ազգային օրերը (JNJ) կազմակերպութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ Եկեղեցիներու աշխարհականներու խորհուրդին եւ հովանաւորութեամբ մարոնիթ պատրիարք Մար Պշարա Պութրոս Ալ Րաիին։ Այս ձեռնարկին մասնակցեցան Լիբանանի կաթողիկէ տարբեր Եկեղեցիներէն ու թեմերէն շուրջ 120 երիտասարդ երիտասարդուհիներ, որոնց միացան հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմէն 8 երիտասարդներ՝ Ճօ Զուլիքեան եւ Մարալ Աթէշեան (Լիբանանի կաթողիկէ Եկեղեցիներու աշխարհականներու խորհուրդի անդամներ), եղբ. Խաչիկ Սայէղ, Համբի Էլմաճեան, Յակոբ Թերճանեան, Հրակ Թումայեան, Լոռի Եթէրեան, Ռիթա Ումուտեան եւ Տեսիլ Քէշիշեան։
Հինգշաբթի, 26 յուլիս 2012-ին, Տիմանի մարոնիթ պատրիարքական ամառանոցի շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ազգային երիտասարդական օրերու բացումը, նախագահութեամբ Մար Պշարա Պութրոս Ալ Րաի մարոնիթ պատրիարքին։ Բացման խօսքը կատարեց Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը, որ շեշտը դրաւ երիտասարդներու աշխոյժ ներկայութեան վրայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, զանոնք կոչելով Եկեղեցւոյ ապագանն ու շունչը։ Ապա խօսք առաւ Ալ Րաիի պատրիարքը, որ ներկաներուն եւ ի մասնաւորի երիտասարդներուն ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը՝ հողին սրբութիւնն ու կարեւորութիւնը, հաւատքի պահպանումը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, (անվախ մնալու) քաջութիւնը ինչպէս նաեւ հպարտանալը՝ Քրիստոսով, որովհետեւ հայրենիքին ու Եկեղեցւոյ ապագան երիտասարդն է ըսաւ ան։
Ուրբաթ, 27 յուլիս 2012-ին, առաւօտեան տեղի ունեցաւ քրիստոնէականի դասընթացք, որուն յաջորդեց սուրբ եւ անմահ Պատարագի ծիսակատարութիւնը։ Իսկ կէսօրէ ետք, խումբերը բաժնուեցան երեք «աշխատանոցներու» ծանօթանալու համար շրջանի հոգեւոր ու մշակութային պատմութեան։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ճանապարհ խաչի թափօրը դէպի մայրիներու անտառը։
Շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին, երիտասարդները չորս ուղիներով քալեցին դէպի «Աննուպինի» սուրբերու հովիտը։ Քայլարշաւին նպատակն էր ապրիլ բնութեան գեղեցկութիւնը, ճանչնալ ճգնաւոր սուրբերուն պարզ կեանքը հովիտին մէջ եւ անոնց հոգեւոր կեանքը (կամ հոգեւորականութիւնը)։ Օրը աւարտեցաւ փակման հանդիսութեամբ, ուրախ եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ մինչեւ ուշ գիշեր։
Կիրակի, 29 յուլիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, «Տիման»-ի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ այս իւրայատուկ ձեռնարկին փակման սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին վկայութիւններ փոխանցուեցան եւ երիտասարդները հրաժեշտ տուին հետեւեալ բառերով. «Հաստատուեցէ՛ք հաւատքի մէջ, ուրախացէ՛ք Տիրոջմով եւ քարոզեցէ՛ք բոլոր ազգերուն»։