Ուրբաթ, 26 Յունիս 2015 - Արհի. հայր Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան Պատրիարքական Կառավարիչ Հ. Կ. Եկեղեցւոյ

 

 

Պէյրութ

 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ, յետ վախճանման Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ցորքան թափուր կը մնայ Պատրիարքական Աթոռը, Արհիապատիւ հայր Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան, վաստակաւոր Առաջնորդ Փարիզի «Սուրբ Խաչ» Առաջնորդութեան եւ անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսին, կը դառնայ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրքի թիւ 127 կանոնին:

Անոր հիմնական պաշտօնն է հրաւիրել բոլոր Սիւնհոդոսական Հայրերը ընտրական Սիւնհոդոսի, ընտրելու համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը:

Արհիապատիւ Հայրը Լիբանան կը ժամանէ շաբաթ կէսօրէ ետք:

 

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ