Հինգշաբթի, 18 Յուլիս 2013 - Պրազիլի «Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օր»ուան ընդառաջ

Վատիկան

«Գացէ'ք եւ վկայութիւն տուէ'ք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու ընթացքին ձեր ապրած ուրախութեան մասին»

Յառաջիկայ օրերուն (23-28 յուլիս) Ռիօ տէ Ժանեյրոյի մէջ տեղի կ'ունենան Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը։ Պրազիլը` որ աշխարհի մեծագոյն կաթողիկէ երկիրն է 125 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալներով, կը պատրաստուի ընդունելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու անոր հետ միասին շուրջ երկու միլիոն երիտասարդ հաւատացեալներ, եկած աշխարհի չորս ծագերէն, ներառեալ Հայաստանէն։

2013-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու բնաբանը քաղուած է Մատթէոսի Աւետարանէն (գլ. 28, 19-րդ համար)՝ «Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը»։
Այս բնաբանը կը հրաւիրէ Պրազիլի եւ աշխարհի երիտասարդները կառչելու իրենց քրիստոնէական կոչումին` ընդունելով Աւետարանի քարոզութիւնը եւ ապրելով Յարուցեալ Քրիստոսի օրինակին համաձայն։

Առաքեալները` Յիսուսի խաչելութենէն ու մահէն ետք, հրեաներէն սարսափած, պահուըտած էին։ Սակայն Յարուցեալ Քրիստոսի երեւումէն ետք անոնք կը քաջալերուին։ Յիսուս անոնց հրահանգէ  ըսելով. «Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը»։ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը առիթ մըն են յիշեցնելու բարի կամք ունեցող մարդոց, որ մենք աշխարհի մէջ ուխտաւորներ ենք եւ կանչուած բոլոր ազգերուն խօսելու Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսի մասին։
Քրիստոս իր լոյսով կը փարատէ վախի խաւարը ու անդամալուծող տարակոյսները։ Յարուցեալ Քրիստոս կը քաջալերէ երիտասարդները ըլլալու առաքեալներ` նոյնիսկ հոն ուր ընդհարում կայ, հոն ուր քրիստոնեաները կը հալածուին, հոն ուր աշխարհականացումը կը տիրապետէ ու կը հակառակի քրիստոնէական արժէքներուն։

Հետեւաբար, ա՛յս է եկեղեցւոյ պատուէրը, ուղղուած երիտասարդ քրիստոնեաներուն. «Գացէ'ք, երիտասարդ առաքեալներ, որ կը հաւատաք Եկեղեցւոյ վարադապետութեան ու կ'ապրիք ծիսակատարութիւնն ու հաւաքական կեանքը, գացէ'ք աւետարանեցէք Քրիստոսը ձեր ունեցած անհատական տուրքերով։ Գացէ'ք եւ ամրապնդեցէ'ք ձեր հաւատքը շնորհիւ ձեր տալիք պատասխաններուն ու մեկնաբանութիւններուն  այն հարցերուն՝ որոնք կը տագնապեցնեն այսօրուան աշխարհը։ Գացէ'ք եւ վկայութիւն տուէ'ք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու ընթացքին ձեր ապրած ուրախութեան մասին»։

 http://hy.radiovaticana.va/news/2013/07/17/%D5%BC%D5%AB%D6%85_%D5%BF%D5%A7_%D5%AA%D5%A1%D5%B6%D5%A5%D5%B5%D6%80%D6%85%D5%B6_%D5%AF%D5%A8_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D6%80%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%B8%D6%82%D5%AB_%D5%A8%D5%B6%D5%A4%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A5%D5%AC%D5%B8%D6%82_%D6%86%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B9%D5%AB%D5%BD%D5%AF%D5%B8%D5%BD_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%A8/arm-711079

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ