Շաբաթ, 19 Մայիս 2007 - Հսյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պաշտօնական Կայքէջի Ծանօթացման Հանդիսութիւն

 

Պէյրութ, Լիբանան

 
Ուրբաթ, 18 Մայիս 2007ին երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Ահարոնեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջի հանրութեան ծանօթացման հանդիսութիւնը  որուն ներկայ էին « Մասիս» ամսաթաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Սարգիս Նաճարեան, հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի Տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստ, Հռիփսիմեանց վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Քոյր Արմինէ Մակարոսեան, Ս.Ագնէս
 
վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Քոյր Անայիս Գըրըքեան ինչպէս նաեւ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններէն Հ.Կ.Մ.էն, Հ.Կ.Հ.Մ.էն եւ Զաւարեան
ուսանողական միութենէն ներկայացուցիչներ :

Ձեռնարկի բացման խօսքը կայքէջի անունով արտասանեց  Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան:Ան բացատրեց թէ կայքէջի հիմնական նպատակակէտն է  զարգացնել Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զաւակներուն հետ        հաղորդակցութեան   կապը:

Ապա Օհան Ումուտեան պաստառի վրայ ներկայացուց   կայքէջի զանազան բաժանմունքները որմէ եըք խօսք առաւ Պրն. Կրէկուար Գալուստ շեշտելով թէ կայքէջը տակաւին արդիականացման մէջ է եւ պատրաստակամութիւնը  ունի յաղթահարելու  որեւէ դժուարութիւն՝ լսելի դարձնելու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ձայնը ամէնուրեք:

                                                                        Հանդիսութեան աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ եւ դիտողութիւններ ուղղելու որոնք պիտի նպաստեն կայքէջի բարելաւման: 
 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ