Զալքա, Լիբանան
Զալքայի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 18 մարտի առաւօտեան՝ հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ գերապատիւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան: Իր քարոզին մէջ պատարագիչ վարդապետը խօսեցաւ Սուրբ Յովսէփ՝ (աստուածահօր) տօնին մասին, որ կը յիշատակուի 19 մարտին, շեշտը դնելով անոր ունեցած դերին Յիսուսի ու Մարիամի հանդէպ։ Այս առթիւ նաեւ շնորհաւորեց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տարիներ շարունակ ծառայած սարկաւագին՝ Ժոզէֆ Ժամկոչեանին անուան տօնը, որ 17 տարեկանէն արդէն սկսած էր Հալէպի մէջ Եկեղեցւոյ ծառայել, ապա Լիբանան հաստատուելով՝ շարունակած է գործել Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ. իսկ 25 տարիներէ ի վեր Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ անխոնջ կերպով կը ծառայէ: Ժոզէֆ Ժամկոչեան մեծապէս սիրուած ու յարգուած է բոլորէն իր բարի նկարագրին ու հայրական գուրգուրանքին համար հանդէպ բոլորին ու գեղեցիկ ձայնին համար։ Այժմ իր առողջական վիճակը չի ներեր որ սպասաւորէ ու երգեցողութիւնը կատարէ իր գեղեցիկ ձայնով ու Մարաշի աւանդական եղանակով, սակայն կը մասնակցի կիրակի օրերը սուրբ Պատարգին։ Հայր Նարեկ, Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բարեշնորհ՝ սարկաւագին, ու քրիստոսի խաչելութեան յուշանուէրով մը զինք պատուեց։
Հուսկ եկեղեցւոյ՝ Տիկնանց Միութեան հիւրասրահին մէջ ընդունելութեան ընթացքին, ներկաները շնորհաւորեցին մեծարեալը եւ անոր ընտանեկան պարագաները։ Այս առթիւ նաեւ տեղի ունեցաւ սկաուտական օրը։ Արդարեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի օրհնութեամբ՝ կրկին վերակազուեցաւ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ սկաւուտական «Արիներու» խումբը։ Սոյն սկաւուտական խումբը կազմուած էր Զալքայի մէջ 1984-ին: Հայր Նարեկ Արիներուն յարատեւութեան ու վերելքի իր սրտաբուխ մաղթանքները յայտնեց, առաւել խանդով ծառայելու Եկեղեցւոյ, ազգին եւ հայրենիքին։