Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 - Արամ Ա. Վեհափառին նամակը Հոգեւոր Տիրոջ
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը եղբայրական նամակ մը ստացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառէն, անոր Հռոմ կատարած եռօրեայ այցելութեան վերադարձին, որու մէջ ան շնորհակալութեամբ կը բաժնեկցի իր ուրախութիւնը Հռոմի մէջ Լեւոնեան վարժարան տուած այցելութեան առթիւ ըսելով.
«Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս, Վատիկան կատարած Մեր եռօրեայ այցելութենէն Անթիլիաս վերադարձին, հոգեկան գոհունակութեամբ Ձերդ Ամենապատուութեան կ'ուղղենք Մեր այս գիրը, Ձեզի հետ բաժնելու Մեր ուրախութիւնը՝ Հռոմի մէջ Լեւոնեան վարժարան տուած այցելութեան առթիւ: Այսու գրով կ'ուզենք Մեր շնորհակալութիւնը արձանագրել Գերապատիւ Հայր Գէորգ Նորատունկեանի ջերմ ընդունելութեան, եւ Մեզի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին համար, որուն մասնակից դարձան նաեւ Մեզի ընկերակցող պատուիրակութեան հոգեւորական անդամները: Արդարեւ, Մեր խօսքին մէջ բարձր գնահատեցինք Լեւոնեան վարժարանի կարեւոր դերը Սփիւռքի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Նաեւ շեշտեցինք մեր ազգը բաղկացնող երեք յարանուանութիւններու համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր մեր հայրենիքի ու Սփիւռքի առաւել հզօրացման ու ազգային արժէքներու առողջ պահպանման: Այս առիթով Ձերդ Ամենապատուութեան կը մաղթենք քաջառողջ եւ երկար գահակալութիւն: Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ Իր հովանին անպակաս ընէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայէն, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի»:
Անթլիաս, 10 յունիս 2014»:
|