Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015 - Ռաի եւ Իունան պատրիարքները այցելեցին նորընտիր Հոգեւոր Տէրը

 

 

 

 
 
 
 
Զմմառ

Յետ ընտրութեան եւ յայտարարութեան Ամենապատիւ տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի, այսօր, 25 յուլիս 2015-ին, ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրիարք Իունան եւ  մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարք կարդինալ Րաի եւ մարոնի եպիսկոպոսներ, հերթաբար այցելեցին նորընտիր Հոգեւոր Տէրը, կէսօրուան ժամը 1-ին եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին, որպէսզի շնորհաւորեն նորընտրեալը եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին: Եղբայրական մթնոլորտի մէջ այս հանդիպումներուն ընթացքին փոխանակուեցան Եկեղեցին յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ գահակալութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

Նշենք նաեւ որ ժամը 10-ին, Պապական նուիրակը Կապրիելէ Քաջջա այցելեց Սիւնհոդոսական հայրերը եւ շնորհաւորեց նորընտիր Պատրիարքը ինչպէս նաեւ ժամը 1-ին դարձեալ եկաւ եւ միացաւ ճաշի սեղանին:

 

Լրատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ