Քիլիսցի: Անտոնեան Միաբանութենէն: Զարգացած անձնաւորութիւն մը, աստուածաբան, իրաւագէտ, տիրապետող արաբերէնի, թրքերէնի, լատիներէնի. իտալերէնի եւ բնական է հայերէնի: Մեծ քարոզիչ, եռանդուն հովիւ, սուրբի համբաւ շահած հոգեւորական: Իր ողջութեան եւ իր մահէն ետք գործած հրաշքներուն համբաւը տարածուեցաւ ժողովուրդին մօտ: Իր մահէն երկու տարի ետք, անոր դամբանը բացուելով, մարմինը գտնուեցաւ անապական վիճակի մէջ:
|
Իր կեանքը դառնացուցին երկու ծանր եղելութիւններ:
Առաջինը, 1828-1830 տարիներու ահաւոր հալածանքները, որոնք փորձեցին վերջ դնել հայ կաթողիկէութեան, սկսելով Պոլսէն ու տարածուելով գաւառները: Բոլոր կողմերէն խոյս տուած շուրջ 26 հայ կաթողիկէ քահանաներ վանք ապաստանեցան ու գրկաբաց ընդունուեցան Հայրապետին կողմէ, բայց ծանր կշռեցին վանքի տնտեսական կացութեան վրայ: Վանքը հարկադրուեցաւ դպրեվանքի աշակերտութիւնը տուն ճամբել ու դպրեվանքը փակ պահել տարի մը:
Եւրոպական միջամտութեան շնորհիւ, հալածանքները դադրեցան եւ Սուլթան Մահմուտ Բ.ի 1830-ի հրովարտակով, Հայ Կաթողիկէները ազատ միլլէթ ճանչցուեցան: Գրիգոր Զ. կարծեց, թէ Պոլսոյ եւ իր շրջանի հայ կաթողիկէ նորանկախ թեմերն ու հաւատացեալները իր իշխանութեան տակ պիտի կեդրոնանային: Սակայն Հռոմ նախընտրեց առժամաբար հետեւիլ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ի զօրու եղող Պոլսոյ եւ Սսոյ Աթոռներուն իրաւասութիւններուն զանազանումին, ինչպէս ըսինք մեր յառաջաբանին մէջ:
Գրիգոր Զ.ի կեանքի երկրորդ դառնութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին տառապանքը եղաւ: Եգիպտոսի Իպրահիմ Փաշայի զօրքերը Քեսրուան մտան: Պատրիարքը, գէթ Քեսրուանը ազատելու համար, դիմեց Իպրահիմ Փաշայի զինակից ու իր բարեկամ Էմիր Պէշիր Բ.ի, անոր պաշտպանութիւնը խնդրելով Քեսրուանի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն համար: Պէյրութ եւ Թրիփոլի ռմբակածուեցան, օսմանեան զօրքերը Ճիւնի ցամաքահանում կատարեցին, ու հետապնդելու համար Իպրահիմի զօրքերը, երկիրը քարուքանդ ըրին (1840), արիւն խլելով Հայրապետի սրտէն եւ զայն մահուան դուռը հասցնելով:
|