Վատիկան
Հազիւ ընտրուած, նորընտիր Քահանայապետը աշխարհին յայտնուեցաւ Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, մինչ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը դարձած էր հրճուանքի վայր ''Viva il papa'' բացագանչութիւններով։
Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Ֆրանչէսկոս Ա. Սրբազան Քահանայապետը, նախ քան «Urbi et Orbi» (Հռոմ Քաղաքին եւ Աշխարհին) Առաքելական Օրհնութիւնը ջամբելը ըսաւ`
Սիրելի հաւատացեաներ բարի երեկոյ, եղբայրակից կարտինալները, նոր քահանայապետը ընտրեցին հեռուէն, շնորհակալ եմ ձեր ջեռմ ընդունելութեան, Հռոմը ունի իր Եպիսկոպոսը։ Ան ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Վաստակաւոր եպիսկոպոս Բենեդիկտոս ԺԶ-ին համար ''Հայր մեր''ը արտասանելով։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ըսաւ. ''այժմ կը սկսինք մեր ճանապարորդութիւնը, միասնաբար եպիսկոպոս եւ ժողովուրդ, թող այս ըլլայ վստահութեան ճանապարորդութիւն։ Կը յուսամ որ այսօր սկիզբ առած այս ուղեւորութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ աւետարանացումի համար։ Այժմ կը ջամբեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս, սակայն առաջ ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք Աստուծոյ որպէսզի Տէրը օրհնէ նախ իր Եպիսկոպոսը։ Ձեր լռելեան աղօքը ըլլայ իմ վրաս Աստուծոյ օրհնութիւն։
Ան ապա ջամբեց առաքելական «Urbi et Orbi» օրհնութիւնը։
http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/13/ֆրանչէսկոս_ա.%60_նորընտիր_266րդ_քահանայապետը։_/arm-673096