Երեւան
Երեքշաբթի, 21 օգոստոս 2012-ին, կէսօրուայ ժամը 1:30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր վեհարանին մէջ ընդունեց գերապայծառ հայր Ռաֆայէլ արքպ. Մինասեանը, գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը, եւ գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը: Այս այցելութեան նպատակն էր նախ շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետը իր ծննդեան 61-րդ տարեդարձին առթիւ, ինչպէս նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալ իրարու՝ ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ միութեան: Հանդիպումին աւարտին, գերապայծառ Մուրատեան բաց հրաւէրով մը փափաք յայտնեց Վեհափառին, որ Զմմառու վանքն այցելէ, եւ անոր նուիրեց Զմմառու Տիրամօր արծաթեայ պատկերը ու վանքին 250 ամեակին նուիրուած ոսկեայ մետալը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արծաթեայ պատկերը նուիրեց գերապայծառին:
Միեւնոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սփիւռքի նախարարուհի Տիկին Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի առաջնորդն ու Լիբանանէն ժամանած հիւրերը պատուեց ընթրիքով մը:
Չորեքշաբթի՝ 22 եւ Հինքշաբթի՝ 23 օգոստոսին, գերապայծառ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան եւ գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան այցելեցին Թիֆլիս (Վրաստան), ուր առաջին հերթին ծանօթացան ժողովրդապետութեան, տեղւոյն ժողովրդապետին՝ հայր Միքայէլ վրդ. Խաչքարեանին, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին աւելի մօտէն ծանօթանալու քաղաքին: