Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2010 - Հսկումի Երեկոյ Մեծ Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակին

 

Պէյրութ, Լիբանան

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան, ուրբաթ,  23 Ապրիլ 2010-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 95 ամեակի  նուիրուած քայլարշաւը ուղղուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի բակէն դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակին նուիրուած հսկումի երեկոյ, ժամը 21էն սկսեալ:

Հսկումին խօսք առաւ Հ.Կ.Հ.Մ.-ի ներկայացուցիչը, ապա Ռօտնէյ Տաքեսեան արաբերէնով, հանդիսութիւնը փակեց Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան որ  առաջարկեց նոր սերունդին միշտ բարձր պահել Հայ ազգի պատմութիւնը լեզուն ու բարոյականը: Երաժշտական ելոյթ ունեցան Գէորգ Քէշիշեան եւ Միրէյ եւ Ռիթա Սաղպազարեան քոյրերը: Հսկումի աւարտին Գերապայծառ Հայրը կատարեց հոգեհանգստեան աղօթքը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ