Շաբաթ, 18 Մայիս 2013 - Դոկտ. Ռոտնի Տաքէսեանի գիրքին շնորհահանդէսը

Պէյրութ

Բարձր հովանաւորութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան  եւ գործակցութեամբ` «Սատեր» հրատարակչատան, ուրբաթ 17 մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Փաստաբանի Տան, մեծ հանդիսասրահին մէջ (Ատլիէ), տեղի ունեցաւ «Les effets juridiques des massacres commis contre les Arméniens en 1915 et  leurs modes de résolutions judiciaires et extrajudiciaires possible» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն հեղինակն է՝ Դոկտ. Ռոտնի Տաքէսեան:

Ներկայ էին Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանը, ՀՀ դեսպանութեան Ա. քարտուղար պրն Վարդան Ադամեանը, Գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանը, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը եւ շատ մը ազգային եւ լիբանանեան մտաւորական դէմքեր, եւ յատուկօրէն Լիբանանի դատական ատեանի ու փաստաբաններու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ:
 
Նախ խօսք առաւ Փրոֆ. Էմիլ Ֆրանսուա Քալլօ, Լիոնի համալսարանէն, որ եղած է դոկտ Ռոտնիին աւարտաճառին տնօրէնը: Ան նաեւ յանձնեց Ռոտնի Տաքէսեանին իր դոկտորականի վկայականը:

Ապա Դոկտ. Ռոտնի Տաքէսեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւններու շարքին սկիզբը մեծ երախտագիտութեամբ յիշեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որուն քաջալերանքին շնորհիւ ան կրցած էր յառաջ երթալ այս նիւթին մէջ, ապա բացատրեց իր դժուար ընթացքը, իր որդեգրած նիւթին տնօրէն մը գտնելու համար: Սակայն ան նշեց թէ յաջողեցաւ Փրոֆ. Քալլօյի մէջ գտնել այն գիտնական իրաւաբանը, որ գնահատելէ անդին հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, պաշտպան կը կանգնի նաեւ հայ դատին: Դոկտ. Ռոտնի Տաքէսեան խոստացաւ իր խօսքի աւարտին, որ իր կեանքը ամբողջութեամբ պիտի նուիրէ հայ դատին եւ 1,5 միլիոն նահատակներուն, որոնք ամէն բանէ առաջ մարդկային ոճիրի զոհ գացին:
 
ՀՀ դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով իր խօսքին մէջ նշեց Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, պետական եւ մշակութային մարզերուն մէջ: Ապա նաեւ շեշտեց Մեծ Եղեռնի ճանաչման անհրաժեշտութեան վրայ, Թուրքիոյ կողմէն: Ան քաջալերեց դոկտ Ռոտնին, մանաւանդ այն այժմէական նիւթին համար, որ ընտրած էր ան:

Հանդիսութեան յաջորդեց գիրքին մակագրութիւնը եւ հիւրասիրութիւն մը:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ