Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015 - Հայր Սարգիս ծայրագոյն վարդապետ Ուզունեանի թաղումն ու կենսագրականը

 

 

Պէյրութ

 

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Զմմառու Պատրիարքական կղերին Միաբանութիւնը, Սիտնիի եւ Մելպուռնի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնները յանձին տէր Բարսեղ վարդապետ Սուսանեանի եւ Ուզունեան ընտանիքները խոր վիշտով գուժեց Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն՝ գերյարգելի հայր Սարգիս ծայրագոյն վարդապետ Ուզունեանի մահը, որ պատահեցաւ 94 տարեկանին, երկուշաբթի 4 մայիս 2015-ին, Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա):

 

Հանգուցեալ գերյարգելի հայր Սարգիս ծայրագոյն վարդապետ Ուզունեան ծնած է Հաճըն 22 ապրիլ 1922-ին: Հայր Սարգիս 40 օրուայ մանկահասակ երեխայ՝ եկած է Լիբանան եւ ութը տարեկանին Զմմառու վանք մտած է: Հոն իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք, 1939-ին, 17 տարեկանին Հռոմ կը մեկնի, ուր 1 ապրիլ 1945-ին քահանայ կը ձեռնադրուի չորս ուրիշ սարկաւագներու հետ միասին՝ Գէորգ Լայէքեանի, Յովսէփ Պասմաճեանի, Անդրէաս Պետողլեանի եւ Յովհաննէս Սէֆէրեանի հետ:

Առաջին առաքելավայրը կ'ըլլայ Պուրժ Համուտ, ուր սկաուտներու եւ ՀԿԵՄ միութեան հոգեւոր վարիչ կ'ըլլայ:

Ապա չորս տարի կը ծառայէ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որմէ ետք երկու տարի Զահլէ եւ ապա ութը տարի Յորդանան:

1967-ին, Յորդանանի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը Աւտրալիա կը գաղթէ եւ երջանկայիշատակ Պաթանեան Հոգեւոր տէրը զինք կ'ուղարկէ Աւտրալիա, որպէսզի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր ծառայութեան նուիրուի:

15 մայիս 1968-ին կը ժամանէ Սիտնի (Աւտրալիա), ուր կը հիմնէ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը, հայ կաթողիկէ աղքատախնամը եւ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» վարժարանը: 1978-ին կը գնէ Սիտնիի ներկայ եկեղեցին եւ զայն կը կոչէ «Վերափոխման Աստուածամօր» եկեղեցի: 1980-ին հայր Սարգիս Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքը կը փոխադրուի, որպէսզի հոն ալ փոքրիկ գաղութին ժողովրդապետութիւն մը կազմէ, որմէ ետք 1991-ին Մելպուռն քաղաքին մէջ եկեղեցի մը կը գնէ եւ զայն կ'անուանէ «Սիրտ Յիսուսի եւ Սիրտ Մարիամու» եկեղեցի: Իսկ Սիտնի հերթաբար իրեն կը յաջորդեն հայր Յովսէփ վարդապետ Լեւոնեան, հայր Սիմոն վարդապետ Պայեան (Մխիթարեան) եւ  հայր Անտոն վարդապետ Թիւթիւնճեան: Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը անոր կը պարգեւէ ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը:

1999-ին սրտի տագնապի մը հետեւանքով կը ստիպուի հանգստեան տուն մը քաշուիլ Մելպուռնի մէջ: Այնուհետեւ նախաձեռնութեամբ Սիտնիի ներկայ ժողովրդապետ՝ տէր Բարսեղ վարդապետ Սուսանեանի, կը փոխադրուի Սիտնի, որպէսզի մօտիկ մնայ իր ընտանիքին եւ հոն հանգստեան տուն մը կը մնայ մինչեւ իր մահը:

22 մարտ 2015-ին կը տօնախմբուի իր վարդապետութեան 75 ամեակը եւ իր 93-րդ տարեդարձը: 4 մայիսին կը վախճանի: Կիրակի 10 մայիսին Սիտնիի «Վերափոխման Աստուածամօր» եկեղեցիին մէջ տեղի կ'ունենայ սուրբ Պատարագ եւ թաղման կարգ, զոր կը կատարէ տէր Բարսեղ վարդապետ Սուսանեան: Սոյն արարողութեան ներկայ կ'ըլլան ասորի ուղղափառ Մալաթիոս արքեպիսկոպոս Մալքի, ղպտի ուղղափառ Ամպա եպիսկոպոս Դանիէլ եւ Սիտնիի յոյն կաթողիկէ առաջնորդին ներկայացուցիչ հայր Ֆատի վարդապետ Սալամէ, Եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի քարտուղար Էլիզապէթ Սթոն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, Համազգայինի վարչութեան անդամները եւ հայ առաքելական Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամները: Հայր Սարգիսի փափաքով տէր Բարսեղ վարդապետ Սուսանեան իր մարմինը կը փոխադրէ Լիբանան Զմմառու վանք չորեքշաբթի 13 մայիս 2015-ին: 

Յուղարկաւորութեան եւ եկեղեցականի թաղման կարգը կատարուեցաւ Զմմառու վանքին մէջ, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, «Փոխեալ Սրբոյ Կուսին» վանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրբաթ 15 մայիս 2015-ին ժամը 11:00-ին: Ապա հանգուեալին մարմինը զետեղուցաւ միաբանական դամբարանին մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան Զմմառու վանքին մեծաւոր եւ Պատրիարքական փոխանորդը, վարչրական հայրերը, կղերական դասը, նորընծաները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Նշելի է տէր Բարսեղ ծ.վ. Սուսանեանի մասնակցութիւնը եւ անոր հետ միասին Սիտնիէն ժամանած հանգուցեալին

պարագաները: Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը եւ վանական հայրերը ցաւակցութիւնները ընդունեցան «Սուրբ Միքայէլ» ընծայարանի դահլիճին մէջ, որմէ ետք բոլոր ներկաները մասնակցեցան հոգեճաշի, վանքին սեղանատան մէջ:

«Հայր անոխակալ եւ բարեգութ,

մաղթելով հայցեմք ի քէն

վասն մեր ննջեցելոյն

արժանաւորել հանգստեան օթեւանի սրբոցն» (Շարական):

 

Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ