Պէյրութ, Լիբանան
Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2010, կէսօրէ ետք ժամը 1.30ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ամերիկահայ յայտնի հրապարագիր եւ հանրային գործիչ՝ պրն. Յարութ Սասունեանը, որ «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի հրաւէրով վերջերս կը գտնուի Լիբանան , ուր եռօրեայ հանդիպումներ ունեցած է լիբանանահայ գաղութին հետ:
Ժողովին ներկայ էին նաեւ «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան, կեդրոնի խորհուրդի անդամներ՝ տիկին Ռիթա Պոյաճեան եւ պրն. Կրէկուար Գալուստ: