Պոլիս, Թուրքիա
Կիրակի՝ 18 Նոյեմբեր 2007ին, Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքը տօնեց Ս. Յովհան Ոսկեբերանի մահուան 1600 ամեակը:
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեղւոյ մէջ, Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետի տօնին եւ համանուն եկեղեցւոյ շինութեան եւ օծման 144-րդ տարեդարձին առթիւ, հայրապետական Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեանի կողմէ, հանդիսապետութեամբ Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանի: Պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան երգչախումբը ղեկավարութեամբ Լեւոն Էրոյեանի:
Ս. Պատարագի աւարտին, հանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ոսկեբերան եկեղեցւոյ բարերար գերդաստաններուն ննջեցեալ հոգիներուն համար, ապա ներկաները առաջնորդուեցան դէպի եկեղեցւոյ դահլիճը, ուր անոնց հրամցուեցաւ տօնին ուրախառիթ ըմպելին, ուտելիքն ու կարկանդակը: