Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2008 - Հայրապետական Պատգամ Նուիրուած Սիրտ Յիսուսի Ամսուան

Սիրտ Յիսուսի նուիրուած ջերմեռանդութեան փակման առիթով, Կիրակի՝ 15 Յունիս 2008ին երեկոյեան ժամը 6:00ին, Ս. Փրլիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հաւատացեալ ժողովուրդին փոպանցեց հետեւեալ պատգամը.  

Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Յունիս ամիսը նուիրուած է Ամենասուրբ Սիրտ Յիսուսի:
Յունիս ամսուան կը զուգադիպի նաեւ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը: Այս 2 տօները կը պարունակեն Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան կարեւոր Խորհուրդները: Այսինքն՝ Յիսուս մարմնացաւ բոլոր մարդոց համար, մեռաւ եւ յարութիւն առաւ բոլոր մարդիկը եւ հետեւաբար մեզ ալ փրկելու համար:
Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ կը կարօտի յենարանի մը, վրան կռթնելու համար իր առօրեայ դժուարութիւններուն ատեն: Բայց կը փնտռէ ապահով յենարան մը, որ ըլլայ տոկուն՝ ժայռի պէս: Ս. Պօղոս կÿըսէ որ ժայռն է Քրիստոսը: Քրիստոսին հետ՝ մարդը կը վայելէ ապահովութիւն եւ սրտի խաղաղութիւն, իրեն բան չի պակսիր: Ս. Թերեզա Յիսուս Մանկան կÿըսէ. «եթէ ամէն ինչ ունենամ՝ դրամ, գեղեցկութիւն եւ գիտութիւն, եւ Յիսուս չÿունենամ, կը համարեմ որ ոչինչ ունիմ: Իսկ եթէ Յիսուս ունիմ եւ իրմէ զատ ոչինչ ունիմ՝ կը համարեմ որ ամէն ինչ ունիմ»: Դեռատի Թերեզան ամէն ինչ ձգեց՝ Հօրը գուրգուրանքը, քրոջը սէրը, ընտանիքին ջերմութիւնը եւ վանք մտաւ 15 տարեկան հասակին մէջ, եւ դարձաւ Վարդապետ ընդհանրական Եկեղեցւոյ:
Այն մարդը որ Յիսուսի վրայ կը հիմնէ իր կեանքը, իր օրը կը սկսի զԱստուած փառաբանով եւ անոր կը նուիրէ օրուան ուրախութիւնները եւ յոգնութիւնները, իրագործումները եւ նաեւ ձախողանքները՝ ասոնք ալ կեանքին մէջ անպակաս են: Ան՝ Յիսուսին միայն կը վստահի, անոր կը յանձնէ իր յոյսերը եւ ծրագիրները, որպէսզի Յիսուս զանոնք օրհնէ եւ անոնց յաջողութիւն տայ՝ ամէն մէկու բարիքին համեմատ: Ով որ Յիսուսի վրայ չի կռթնիր, կը նմանի այն մարդուն որ կը շինէ իր տունը աւազի վրայ, կամ կը նմանի անոր որ կը կռթնի պարապութեան վրայ: Արդիւնք՝ յուսախաբ կը մնայ: Ո՛չ գիտութիւնը եւ ո՛չ ալ դրամը կրնան մարդը փրկել եւ զինք երջանիկ դարձնել: Սէրը միայն, Յիսուսը միայն կրնայ մեզ փրկել եւ մեզ երջանիկ դարձնել: Մի մոռնաք այս կարեւոր սկզբունքը: Հոն է նաեւ տարբերութիւնը մարդոց միջեւ՝ ոմանք կÿապաւինին հաւատքին, ուրիշներ կÿապաւինին իրենց գործերուն, ըստ այսօրուայ Հռոմեյացիներու ուղղուած թուղթին: Անոնք որ կÿապաւինին հաւատքին՝ կÿարդարանան, իսկ միւսները, որ կÿապաւինին իրենց յաջողութիւններուն եւ գործերուն՝ չեն արդարանար:
1675ին, Յիսուս երեւցաւ Marguerite Marie Alacoque անունով մայրապետի մը եւ անոր ցոյց տուաւ իր սիրտը, որմէ կրակի բոցեր կÿելլէին, եւ իրեն ըսաւ. «Ահա՛ այս սիրտն է որ այնքան սիրեց մարդիկ եւ ինքզինք սպառեց անոնց համար ոչինչ խնայելով, որպէսզի անոնց փաստէ իր անհուն սէրը իրենց հանդէպ: Եւ Յիսուս աւելցուց. «որպէս վարձատրութիւն, ընդունեցայ ապերախտութիւն, շատերուն կողմէ»:
Յիսուս խնդրեց նաեւ Marguerite Marieէն, որ ամէն հինգշաբթի գիշեր իրեն հետ հսկէ մէկ ժամ, մասնակցելու համար Անոր հսկումին, աղօթքին եւ չարչարանքներուն՝ Գեթսեմանի պարտէզին մէջ: Եւ աւելցուց. «Հոս է որ ամէնէն շատ ես չարչարուեցայ: Ոչ մէկը կրնայ ըմբռնել ցաւերուս ծաւալը, որ կրեցի այս տեղ»:
Ես ալ ձեզի կÿըսեմ՝ ով որ պատրաստ է, ամէն ազատութեամբ, Յիսուսին հետ հսկել Ս. Հաղորդութեան առջեւ ամէն օր կէս ժամ՝ Յիսուսի ցաւերուն եւ փրկութեան գործին մասնակից կը դառնայ: Եւ եթէ այս կէս ժամուան ընթացքին պատրաստ է Ս. Վարդարանը աղօթելու՝ ես անոր կը յանձնեմ յատուկ Վարդարան մը այս բարի նպատակին համար: Անոնք որ այս բարեպաշտական գործը պիտի կատարեն, գիտցած ըլլան որ մեծապէս օգտակար պիտի դառնան ժողովրդապետութեան եւ յատկապէս քահանաներու հովուական գործին:
Ս. Հաղորդութիւնը ստանալ, այսինքն՝ Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ընդունումը, մեզ կը մղէ կեանքի սրբութեան եւ անձնուիրումի գործի՝ մեր եղբայրներուն հանդէպ:
Արդարեւ, Յիսուս ըսաւ. «Սուրբ եղէ՛ք ինչպէս որ ձեր Հայրը որ երկինք է՝ սուրբ է»: Արդ, Աստուած միայն սուրբ է, որուն Ս. Պատարագի ընթացքին կÿաղօթեն ըսելով. «Սուրբ, սուրբ, սուրբ Տէ՛ր զօրութեանց»: Ուստի սուրբ դառնալու միակ միջոցն է Աստուած, որ լեցնէ մեր անձը, մեր կեանքը: Ատ ալ կարելի է՝ Ս. Հաղորդութեան միջոցաւ: Անով՝ մեր կեանքը, աւելի պիտի նմանի Յիսուսին՝ Անոր սիրոյ, ներողամտութեան եւ բոլոր քրիստոնեայ առաքինութիւններուն մէջ: Տեղեակ էք որ ամէն տարի Սրբ. Քահանայապետը բազմաթիւ անձեր սուրբ եւ երանելի կը հռչակէ: Կը հռչակէ անձերը որոնք Յիսուսի նմանեցան իրենց եղբայրսիրութեամբ, խոնարհութեամբ, անձնուիրումով եւ հաւատարմութեամբ:
Գալ կիրակի, ուրախութիւնը պիտի ունենանք վկայ ըլլալու Հայր Եագուպ Հատտատի՝ Քաբուչին վարդապետին երանացման հռչակումին: Այս սրբակեաց կրօնաւորը վախճանեցաւ 1954ին եւ արդէն իսկ իր կատարած հրաշքները մեծագոյն փաստը դարձան անոր սրբութեան: Իսկ իր հիմնած գործունէութիւնները մեծապէս օգտակար կÿըլլան համայն լիբանանցիներուն անխտիր, մանաւանդ իր հիմնած մայրապետներուն միաբանութիւնը:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, հարկաւոր է որ ամէն քրիստոնեայ իր մասնակցութիւնը բերէ աշխարհի բարելաւման համար, եւ անձնասէր կամ դրամասէր չդառնայ: Աւետարանի մանուկն անգամ իր մասնակցութիւնը բերաւ տալով Յիսուսին ինչ որ ունէր՝ 5 ձուկեր եւ 2 հացեր: Ասոնք բաւարար եղան ամբողջ ժողովուրդ մը կերակրելու՝ Յիսուսի օրհնութեամբ: Նոյնիսկ եթէ քիչ բան ունիս այս մանուկին նման, բայց զայն սիրով տաս, Յիսուս կարող է տուածդ կերպարանափոխել սիրոյ տուրքի, որ բաւարար պիտի դառնայ յագեցնելու մարդիկ, մանաւանդ սիրոյ կարօտեալներուն՝ աղքատները, յուսալքուածները եւ առանձնացածները:
Աւետարանի մանուկին օրինակը ձեզմէ ամէն մէկուն համար գրուած է, որպէսզի անոր նմանիք եւ առատաձեռն հոգիով տաք, ձեր կարողութեան համաձայն, որքան ալ համեստ ըլլայ ձեր ընծայումը: Յիսուս զայն պիտի բազմապատկէ եւ յագեցնէ շատերը:
Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը յատուկ տօն մըն է: Ան գոհաբանական աղօթք մըն է առ Աստուած թէ՛ առանձնապէս եւ թէ՛ հասարակութեամբ, որուն յայտնի նշանն է Ս. Պատարագը: Մեր Ս. Հայրերը նոյնը կը դաւանին:
Անաթանկեղոս պատմիչը կÿըսէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին մասին՝ թէ՛ «Յիսուս իր չարչարանքներէն առաջ աշակերտներուն ընծայեց իր փրկարար Մարմինը եւ Արիւնը»: Նոյն պատմիչը կը գրէ նաեւ թէ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ մկրտելէ ետք Տրդատ թագաւորը, արքունիքը եւ հայերուն բազմութիւնը, ամէնուն բաշխեց Յիսուսի Ս. Մարմինը եւ անոր թանկագին Արիւնը:
Նոյնպէս, Ե.րդ դարու մեծ Հայրապետը՝ Ս. Յովհան Մանթակունի Կաթողիկոսը կը հաստատէ ըսելով. «Ճշմարիտ հաւատքով կÿիմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է խորանին վրայ՝ իրեն կը մերձենանք, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք, զինք կÿընդունինք մեր մէջ»:
Իսկ Աւարայրի պատերազմին երգիչը՝ Եղիշէն կÿըսէ. «Խորանին առջեւ կը վերակոչենք Քրիստոսին մահը: Հացը եւ գինին չեն մնար այսպէս ինչպէս որ էին առաջ, այլ կը դառնան Մարմին եւ Արիւն Քրիստոսի»:
Այս է մեր նախնիքներուն հաւատքը. Այս է նաեւ մեր հաւատքը:
Այսօրուայ Ս. Պատարագով, մենք կը յիշատակենք Աւագ Հինգշաբթի օրուայ դէպքը, երբ Յիսուս Քրիստոս հաստատեց Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը:
Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան խորհուրդը որ Յիսուս իբր սրբազան աւանդ ձգեց մեզի, պէտք է որ յաճախակիօրէն ընդունինք, որպէսզի իր սրբարար ուժը մեզ ամրացնէ մեր հաւատքին մէջ, մեր կեանքի բոլոր օրերուն, եւ ոչ թէ երբեմն երբեմն: Այլապէս, մեր սիրտը պիտի նմանի այսօրուայ Աւետարանի դաշտին, որ ոչ միայն լաւ սերմը ընդունեցաւ այլ նաեւ որոմը: Երբ որոմը մեծնաւ յայտնի եղաւ դաշտին մէջ: Նոյնպէս ալ մենք, եթէ զգոյշ չըլլանք ու չսնանինք Ս. Հաղորդութեամբ եւ աղօթքով, թշնամին՝ այսինքն սատանան, պիտի ցանէ որոմը մեր սրտին մէջ, այսինքն սխալ գաղափարներ՝ յուսահատութիւն, աղօթքէն եւ Ս. Հաղորդութենէն հեռանալ, վրիժառութիւն եւ մանաւանդ դրամասիրութիւն եւ ստախօսութիւն: Ասոնք ալ կամաց կամաց յայտնի կը դառնան մեր վարուելակերպին եւ մեր ապրելակերպին մէջ:
Եթէ Ս. Հաղորդութիւնը, այսինքն Յիսուսի ներկայութիւնը մեր մէջ կրնայ մեզ սրբացնել, ինչո՞ւ համար շատեր չեն փոխուիր եւ չեն սրբանար: Պատճառը Յիսուսը չէ անշուշտ, այլ այդ անձերը: Ստոյգ է որ Ս. Հաղորդութիւնը ոմանց կեանքը կը բարեփոխէ, եւ կը նշմարենք զոյգեր եւ երիտասարդ ու երիտասարդուհիներ, որոնց ապրումը փոխուած է եւ աւելի ծառայասէր դարձած են, աւելի կÿաղօթեն եւ կարծէք՝ աւելի խաղաղ կեանք մÿունին հիմա:
Ուրիշներուն քով նոյնը չի պատահիր, որովհետեւ անոնք պէտք եղած պատրաստութիւնը չեն կատարեր Ս. Հաղորդութիւնը ստանալէն առաջ, եւ կամ զայն կը ստանան իբր իրաւունք կամ իբր սովորութիւն, առանց հաւատքի ներգործութիւն կատարելու եւ առանց երկխղածութեամբ մօտենալու այս մեծ խորհուրդին: Որով ապարդիւն կերպով կը ստանան Ս. Հաղորդութիւնը, դժբախտաբար:
Ս. Հաղորդութիւնը ուժ կու տայ դիմադրելու դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու առջեւ: Այս երկնային հացը ուժ տուաւ մարտիրոսներուն, որպէսզի կարենան հանդուրժել ահռելի չարչարանքները եւ հաւատարիմ մնալ իրենց հաւատքին, մինչեւ արեան հեղումը:
Մեր պատմութեան մէջ 2 նշանաւոր օրինակներ ունինք:
1915ի, ցեղասպանութեան արհաւիրքի խիստ օրերուն, Մարտինի Արք.ը՝ Ի•նատիոս Մալոյեան, նահատակութենէն առաջ, հաց առաւ, սրբա•ործեց եւ Յիսուսի Մարմինը բաշխեց իր 416 նահատակակիցներուն, որոնք արիաբար ընդունեցան մարտիրոսութեան պսակը ու անոնցմէ եւ ոչ մէկը տկարացաւ կամ կրօնափոխ եղաւ:
Նոյնպէս, Աւարայրի պատերազմէն առաջ, Ս. Ղեւոնդիոս Երէց հրաւիրեց զինուորները գլխաւորութեամբ սպարապետին՝ Վարդան Մամիկոնեանին, պատրաստուելու համար ճակատագրական պատերազմին Ս. Հաղորդութեան մասնակցելով: Իրենց շնորհիւ է որ Հայաստան պահեց իր քրիստոնեայ հաւատքը եւ մենք այսօր կանք:
Սիրելիներ, Յայցեն՛ք Ս. Հոգիէն, որպէսզի ինչպէս առաջնորդեց մեր պապերը, այնպէս մեզ ալ առաջնորդէ մեր առօրեայ կեանքին բոլոր օրերուն ու բնաւ չզրկենք մենքզմեզ Ս. Հաղորդութեան մեծագոյն պարգեւէն, մեղք գործելով կամ զանցառութեամբ: Այս պարագաներուն՝ գիտէք որ ապաշխարութեան խորհուրդը տրամադրելի է միշտ զղջացածին համար:
Յիշենք որ Յիսուս ամենամեծ տուրքն է որ Եկեղեցին մեզի կը շնորհէ, ամէնէն գերազանց եւ ընտիր պարգեւը եւ ամէնէն էականը: Թո՛ղ Ս. Աստուածածինը մեզ մօտեցնէ միշտ իր Որդիին՝ Յիսուսին, որպէսզի անկէ բնաւ չբաժնուինք:
Բոլոր Սուրբերը դիմեցին Ս. Կոյս Մարիամին եւ ան բոլորին հասաւ իր մայրական գուրգուրանքով եւ ոչ ոք յուսախաբ ձգեց: Նոյն հոգիով եւ հաւատքով մենք ալ դիմենք մեր երկնաւոր Մօր. Ամէն:       


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ