Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2008 - Լեւոնեան Վարժարանի Ճաշկերոյթ

 Հռոմ, Իտալիա

Ուրբաթ՝ 22 Փետրուար 2008ին, Վատիկանի մէջ զետեղուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանը շրջապատող հրապարակին անուանումի արարողութենէն ետք, Լեւոնեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ որուն ընթացքին Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

Սիրելի Հոգեւոր եղբայրներ
Յարգարժան հիւրեր,

Աստուծոյ հազար փառք կու տամ որ անգամ մը եւս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մեծ յարգանքի արժանացաւ, ամենաբարձր մակարդակով, նոյնինքն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետին կողմէ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէն ժամանած յարգարժան անձնաւորութիւններու կողմէ, ի մասնաւորի Մայր Հայրենիքէն, եկեղեցական թէ աշխարհական իր հոգեւոր որդիներէն:
Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ քիչ են այն սուրբերը, որոնք կը վայելեն այնքան պատիւ եւ փառք իրենց ժողովուրդներէն որքան Ս. Գրիգորը՝ Հայ ժողովուրդի կողմէ: Ամէն տեղ, իր անունով եկեղեցիներ կանգնած են, վարժարաններ կառուցուած են, ակումբներ եւ միութիւններ հիմնուած են: Գրիգոր անունը՝ դարերու ընթացքին չէ մաշած, այլ միշտ այժմէական մնացած է, եւ մինչեւ օրս բազմաթիւ են այն ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակներէն մին իր անունով կը կոչեն՝ Գրիգոր, Կրէկուար Կրէկորի կամ  Կրէկորիօ:
Ծիսական օրացոյցը տարին երեք տօն յատկացուցած է մեր մեծ Առաքեալին՝ Մուտն ի վիրապ, Ելն ի վիրապէն եւ Գիւտ Նշխարաց տօները: Բազմաթիւ շարականներ, երգեր եւ տաղեր Իր անունին յօրինուած են: Ստոյգ է որ Հայ Ժողովուրդին մօտ եւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Լուսաւորիչը ամէնէն աւելի սիրուած եւ մեծարուած սուրբն է:
Թէեւ արդի կարգ մը քննադատ պատմաբաններ չեն ընդունիր որպէս պատմական իրողութիւն Ս. Գրիգորին այցը Հռոմ՝ Ս. Սեղբեստրոս Սրբ. Քահանայապետին, այսուհանդերձ՝ եթէ մեր աւանդութիւնը Ագաթանգեղոսի օրէն ի վեր զայն պահած է, ատիկա յատուկ նշանակութիւն ունի, որ է՝ փսստել թէ Հռոմի եւ Հայ Եկեղեցիներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններ կային Դ. դարէն սկսեալ, այսինքն Հայ Եկեղեցւոյ ծագումէն ի վեր:
Սիրելիներ,
Վստահ եմ որ ինծի հետ բաժնեցիք քիչ առաջ մեծ ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը՝ զորս մեզի պարգեւեց երեք տարիէ ի վեր Սուրբ Պետրոս Տաճարին արտաքին որմերուն յատուկ պատուանդանին վրայ կանգնած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին պատկառազդու արձանը, եւ անոր առջեւ տարածուող շքեղ Հրապարակը՝ իր անունով, այսօրուայ անուանակոչութեան Յուշաքարին օրհնութիւնը եւ հանդիսաւոր բացումը Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Կÿողջունեմ ձեզ որպէս վկաները պատմականօրէն յիշարժան այս իրադարձութեան, որ սահմանուած է դառնալու աշխարհին ուղղուած հայանպաստ ղօղանջ մը, որուն արձագանգը պիտի լսուի դարէ դար:
Վստահ եմ որ այդ ղօղանջին առաջին արձագանգողները պիտի ըլլաք Դո՛ւք, ձեր այսօրուայ ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը փոխանցելով Հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն Հայ Ժողովուրդին: Այս ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը պիտի փոխանցուի գալիք սերունդներուն եւ պիտի անմահանայ, քանի յաւերժ կանգուն պիտի մնայ Վատիկանին մէջ մեր Եռամեծ Լուսաւորչին արձանը եւ իր անունը կրող Հրապարակը: Անոնք թէպէտ քարակերտ են բայց ոչ քարացած, այլ որպէս կենդանի վկայութիւն՝ ամէն օր զիրենք դիտող բազմահազար եւ ամենազգի ուխտաւորներուն պիտի յիշեցնեն թէ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած՝ աշխարհի առաջին ժողովուրդին անսասան Հաւատքը ու փառապանծ Հայրենիքը կը խորհրդանշեն:
Հայու Հաւատքին ու Հայրենիքին այդ զոյգ խորհրդանիշերը առաջին հերթին պիտի ոգեւորեն Յաւիտենական Քաղաքի սրտին մէջ հաստատուած այս պատմական հայկական օճախը՝ Լեւոնեան Վարժարան - ընծայարանին՝ հին եւ նոր սաները, եւ պիտի զօրացնեն անոնց մօտ Հայազգին եւ Հայրենիքին ծառայութեան նուիրուելու կոչումը:
 Յոյժ Սիրելիներ,
 Այսօրուան պատմական հանդիսութիւնը վկայութիւն մըն է նաեւ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին հայասիրութեան եւ Հայ Ժողովուրդին հանդէպ անոր յատուկ համարումին: Վստահ եմ որ ազգովին պիտի արժեւորէք Սրբազան Պապին սէրն ու համարումը: Ձեր ներկայութիւնը այսօր, եւ որպէս բարձրաստիճան Եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ներկայացուցիչներ, այս վստահութեան վկայութիւնն է: Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար:
Շնորհակալութիւն նաեւ որ այդ վստահութիւնը կը ներշնչէք Ինծի:  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ