Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2011 - ՄԱՂԹԱՆՔԻ ԳԻՐ


Պէյրութ, 17 Սեպտեմբեր 2011
Դիւան թիւ 205/11


Մ Ա Ղ Թ Ա Ն Ք Ի   Գ Ի Ր
Առ
Յոյժ Սիրելի Նորօծեալ
Գերապատիւ Տէր Միքայէլ վարդապետ Քայալ

Մեծ ուրախութեամբ ստացանք Քահանայական Ձեռնադրութեանդ ցնծալի լուրը։
Որպէս քահանայ, այլեւս չես պատկանիր աշխարհին եւ ոչ ալ ծնողքիդ, այլ պարտիս կեանքդ նուիրել յաւիտենական քահանայի՝ Քրիստոսին, Հայ Կաթողիկէ Համայնքին ծիրէն ներս եւ առաւելաբար քեզի վստահուած հաւատացեալներուն ծառայութեան եւ անոնց փրկութեան համար։

Որպէս քահանայ, պիտի դառնաս Յիսուս Քրիստոսին մտերիմը, բարեկամը եւ սիրահարը։ Բայց քաջ գիտցի՛ր որ մտերմութիւնը մտերմութեամբ կը փոխանակուի, բարեկամութիւնը՝ բարեկամութեամբ եւ սէրը՝  սիրով։ Արդարեւ, Յիսուս պահանջկոտ Տէր մըն է։

Մեր աղօթքին հետ կը միացնենք մեր սրտագին հայրական մաղթանքները, որպէսզի դառնաս եռանդուն հովիւ մը, նման Բարի Հովիւին՝ Յիսուսին, որ կատարեալ անձնուիրութեամբ Աստուծոյ կամքը կատարեց մինչեւ Խաչին մահը՝ իր կեանքը զոհելով բոլոր մարդոց փրկութեան համար։

Կը յիշեցնեմ քեզի Սուրբ Պօղոսին յորդորը իր սիրեցեալ աշակերտ Տիմոթէոսին. «Պահէ՛ պատուիրանը անաղարտ եւ անբիծ մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Օրը» (1 Տիմ 6,14)։

Սիրելի վարդապետ,
Մնացի՛ր միշտ տապանակին մօտ՝ այդ յաւերժական Սիրոյ Աղբիւրին, որպէսզի ապրիս ամուր եւ հաստատ քահանայական կոչումիդ մէջ։

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝

           
+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ