Պուրճ Համմուտ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն, 26 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարան, որուն նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ այս գծով Թուրքիոյ մէջ գիտակցութեան բարձրացման խնդիրները»: Լսարանին զեկուցաբերներն էին Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողան եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեան: Հանդիսութեան ներկայ էին մեծաթիւ հայորդիներ:
Լսարանին զրուցավարն էր Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերներու հակիրճ կենսագրութիւնը: Տէմիրճեան նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կ’իրականանայ միջ դպրոցական Հրանդ Տինք շարադրութեան մրցանքի շրջագիծին մէջ, որ չորրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի, եւ որուն այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերին 13 լիբանանահայ վարժարաններ:
Ապա խօսք առաւ մեթր Էրտալ Տողան, որ նշեց թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով Թուրքիոյ մէջ իրաւաբանական առումով լաւատեսութիւն գոյութիւն չունի, սակայն հայութեան հետ յարաբերութեան մէջ մտնելը քաջալերանք կը յառաջացնէ: Տողան ըսաւ, որ Տինք տեղեակ էր, որ ոճիրը պատրաստութեան մէջ է, սակայն մեր յանձնարարութիւններուն դիմաց չուզեց լքել երկիրը, քանի որ թուրք բարեկամներ ունէր, որոնց պէտք չէր մենակ ձգել:
Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտուած է 13 ռազմավարական կեդրոններ, որոնք հայութեան սփիւռքը կը հետազօտեն եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն, քանի որ այսօր Թուրքիոյ անվտանգութեան մեծ խնդիրը հայութեան գոյութիւնն է: Էրտալ Տողան հաստատեց, որ թրքական պետութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ցեղապաշտական մօտեցումները եւ չ՛ուզեր հաշտուիլ 1915-ի իրականութեան հետ:
Տողան նշեց, որ Թուրքիան անցեալի երկիրը չէ, եւ նոր սերունդներուն մօտ մտածելակերպի յստակ փոփոխութիւն կայ, նորերուն պահանջները փոխուած են: Ան ըսաւ, որ Թուրքիան ամէնէն շատ պարտք ունի հայերուն` նիւթական, պատմական եւ բարոյական, եւ մենք պէտք է թուրքերուն պատմենք, թէ 1915-ին իրականութեան մէջ ինչ տեղի ունեցաւ:
Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման հարցին գծով, Էրտալ Տողան ըսաւ, որ ճանաչման աշխատանքներուն հետ զուգահեռ պէտք է շարունակուի հատուցման օրակարգը, որովհետեւ առանց իրաւունքներու վերականգման կարելի չէ իրաւական դաշտի վրայ խնդիրը հետապնդել: Այս ծիրին մէջ, Տողան հաստատեց, որ առաջին հերթին պէտք է վերականգնի հայութեան քաղաքացիութեան իրաւունքը, եւ եկեղեցիներն ու կառոյցները պահանջեն իրենց կալուածները:
Իր կարգին, լրագրող Հրանդ Գասպարեան յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ հայապահպանումը շատ դժուար է, սակայն Լիբանանահայութեան հետ կարճաժամկէտ յարաբերութիւնը ցուցանիշ էր հաստատելու, թէ այս տեղ հայկականութիւնը տիրական է: Ան յայտնեց, որ Հրանդ Տինքին սպանութիւնը ոչ միայն հայութեան այլ թուրքերուն մօտ մեծ ցասում յառաջացուցած է, եւ ինք ու ուրիշներ կը փորձեն շարունակել առաքելութիւնը, հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն:
Անդրադառնալով Քեսապի խնդիրներուն, Գասպարեան նշեց, որ թրքական մամուլը կ’անտեսէ խնդիրին մէջ թրքական գործօնին ներկայութիւնը, քանի որ այս երեւոյթը իր շահերուն նպաստ չի բերեր: Միջ դպրոցական Հրանդ Տինք շարադրութեան մրցումին գծով, Հրանդ Գասպարեան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանին նախաձեռնութիւնը:
Աւարտին, ներկաները հարցումներուն ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային գործընթացին, քիւրտերու գործօնին, փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներուն, պոլսահայ գաղութի դերակատարութեան, Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական բաժանմունքին եւ այլ խնդիրներու շուրջ ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ