Զմմառ, Լիբանան
ՎԱՒԵՐԱԹՈՒՂԹ ԹԻՒ 7
Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2007ի առաւօտեան ժամը 8-ին, Զմմառու Մայրավանքին մէջ, Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Հայրապետական Ս. Պատարագով բացումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարեկան ԵպիսկոպոսներուՍիւնհոդոսին:
Սիւնհոդոսի նիստերը կը շարունակուին մինչեւ 5 Հոկտեմբեր 2007: Կը մասնակցին. Ամենապատիւ Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան, վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարք եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Դամասկոսի, Հալէպի, Գամիշլիի, Թուրքիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Պարսկաստանի, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի, Լատին Ամերիկայի, Յունաստանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի վիճակաւորները, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր Եպիսկոպոսներ եւ Զմմառեան Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդը:
Սիւնհոդոսական Հայրերը պիտի քննարկեն հետեւեալ հարցերը.
ա.- Թեմերուն վարչական, կրօնական, հովուական, ընկերային ու մշակութային իրավիճակը:
բ.- Միութենական շարժումը ու այս առընչութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փոխ յարաբերութիւնները քոյր Եկեղեցիներուն հետ. ինչպէս նաեւ միւս կրօնքներուն հետ: Նոյնպէս ալ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերը Լիբանանի, Հայաստանի ու Սփիւռքի երկիրներուն մէջ:
գ.- Կղերի Համաժողովը, որ գումարուեցաւ 31 Յոպւլիսէն 2 Օգոստոս 2007, Զմմառու Վանքին մէջ, եւ անկէ բխած առաջարկներուն քննարկումը:
դ.- Կանոնական հարցեր:
ե.- Վերանորոգում ծիսական կեանքի եւ վաւերացում ծիսական մատեաններու տպագրութեան:
զ.- Պատրիարքական զանազան Յանձնախումբերու գործունէութիւններուն տեղեկագիրները ու անոնց քննարկումն ու արժեւորումը:
է.- Պատրաստութիւն Պատրիարքական Գ. Համագումարին:
ը.- Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի աշխարհաբար թարգմանութիւնը եւ անոր տպագրութիւնը:
Սիւնհոդոսական Հայրերը պիտի անդրադառնան Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրբ Երկրի, Իրաքի ու
տագնապալից Լիբանանի ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական դառն ու մտահոգիչ վիճակին, սատարելու համար վերականգնումի աշխատանքներուն ու կասեցնելու համար արտագաղթը, յատկապէս ուսեալ երիտասարդներուն:
Հուսկ, Լիբանանի նախագահական ներկայ ընտրութեան անդրադառնալով, Սիւնհոդոսական Հայրերը իրենց աղօթքները կը բարձրացնեն Ամենակալ Տիրոջ, Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեամբ, ներշնչելու բոլոր ղեկավարները որպէսզի գիտակից պատասխանատուութեամբ գործեն եւ իմաստութեամբ առաջնորդեն Լիբանանի մեր հայրենիքին ճակատագիրը, եւ յանդուգն ու խղճամիտ դիրքորոշում մը որդեգրեն, յարուցուած մարտահրաւէրներուն դիմաց, յօգուտ տառապեալ ժողովուրդին, որ կը սպասէ պայծառ արշալոյսի, երկար ու տագնապալից կացութենէն ետք:
«Երանի խաղաղարարներուն, որովհտեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»
Զմմառ, 25 Սեպտեմբեր 2007
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Եպիսպոսներու Սիւնհոդոսի