Ուրբաթ, 4 Մարտ 2011 - Մկրտութեան Խորհուրդը ''Աստուծոյ պարգեւը'' Պենետիկտոս ԺԶի 2011 Քառասնորդացի պատգամին կեդրոնական նիւթը


Վատիկան

«Մկրտութեամբ թաղուեցաք Քրիստոսի հետ եւ Յարութիւն առիք անոր հետ» այս է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 2011 Քառասնորդացի պատգամի վերնագիրը։
Մկրտութեան խորհուրդը անցեալի ծէս մը չէ - կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը Քառասնորդաց շրջանի իր յղած պատգամին մէջ - ան (մկրտութիւնը) կնքուածին հանդիպումն է Քրիստոսի հետ` անոր միջոցաւ ամէն Քրիստոնեայ կանչուած է ճիշմարիտ ապաշխարութեամբ յաւիտենական կեանքի արժանանալու։ Մկրտութիւնը Աստուծմէ պարգեւատրած շնորհք մըն է։ Ոչ մէկը արժանի է յաւիտենական կեանքին իր անձնական արժանիքին համար։ Յատուկ ու սերտ կապ մը կայ Մկրտութեան եւ քառասնորդաց ծոմապահութեան միջեւ որոնք կը ներկայացնեն առիթ մը հասկնալու Աստուծոյ փրկչագործ շնորհքը։
Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը կը յորդորէ հաւատացեալները ''լրջօրէն պատրաստուելոււ սուրբ Զատկուայ տօնին, որ ծիսական տարւույն ամենէ հանդիսաւոր եւ ուրախ Տօնն է - կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը։ Ապա իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը մեկնաբանէ Զատկուայ նախորդող հինգ կիրակիներու սուրբ գրային ընթերցումները, որոնք վերջ կը գտնեն Ղազարոսի յարութեան դրուագով, որ մեզ կը պատրաստէ «գերազանցելու մահը եւ ապրելու` Քրիստոսի մէջ` ցմիշտ»։ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ քառասնորդց շրջանի հետ կապուած աւանդութիւնները ինչպէս` ծոմապահութիւնը, ողորմութիւնը աղքատներու հանդէպ, ապաշխարանքը եւ աղօթքի ընթացքը որ կ՛ առաջնորդէ մեզ վերագտնելու մկրտութեան բուն իմաստը։
Ծոմապահութեամբ - կը գրէ Նորին Սրբութիւնը - մեր սեղանները աւելի աղքատ դարձնելով կը սորվինք գերազանցել մեր անձնասիրութիւնը եւ ապրիլ սիրոյ եւ նուիրումի կեանք մը։ Ողորմութիւնը ուրիշի հանդէպ կոչ մը կը հանդիսանայ մեզ պաշտպանելու «միայն շահ ու դրամ դիզելու» փորձութենէն։Տիրապետելու բաղձանքը կը գրգռէ ուժգնութիւնը, օրինազանցութիւնը, եւ մահը'' եւ դնելով նիւթականը Աստուծոյ տեղ` մարդս կը հեռացնէ ու կը մերկացնէ իր բնութենէն ու զայն ապերջանիկ կը դարձնէ։
Սրբազան քահանայապետի համար սատանան միշտ գործի վրայ է հեռացնելու դիտաւորութեամբ բոլոր անոնք որոնք կ՛ուզեն Աստուծոյ մօտենալ։ Քրիստոնեայ հաւատքը կ՛ենթադրէ շարունակ պայքար մը աշխարհի խաւարի տիրապետողներուն դէմ։ Եթէ մարի հաւատքի լոյսը ` համայն տիեզերքը կորուստի կը մատնուի եւ արգելափակուած կը մնայ առանց ապագայի գերեզմանի մը մը մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ