Պէյրութ,
30 յունիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ռուսիոյ լիազօր դեսպան Ալեքսանդր Զասիպքին այցելեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, Ժէիթաուի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ժողովրդապետ Աւետման եկեղեցւոյ:
Հանդիպումը տեւեց մօտ 45 վայրկեան, որուն ընթացքին Ամէն. Հոգեւոր Տէրը եւ դեսպանը արծարծեցին հայ եւ ռուս ժողովուրդներու երկար եւ հին բարեկամութիւնը, եւ հայոց մեծ թիւով ներկայութիւնը ռուսական զանազան քաղաքներու մէջ: Ապա նաեւ հայ կաթողիկէներուն ներկայութիւնը մանաւանդ Մոսքուայի մէջ:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը արծարծեց արցախեան թղթածրարին լուծման հարցը, մանաւանդ Գազանի հանդիպումէն ետք առաջարկները: Դեսպանը նկատեց Ռուսիոյ պարտաւոր չէզոքութիւնը, որպէսզի հարցերը լուծման մը հանգին, եւ շեշտեց թէ քաղաքական դրական կամքը պարտի աճիլ երկուքին ալ մօտ:
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց զինք մասնակցելու հայր Ռափայէլ Մինասեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 16 յուլիս 2011-ին Սուրբ Գրիգոր սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 10-00-ին:
Պարոն դեսպանը մեկնեցաւ գոհունակ եւ միշտ հաղորդակցութեան մէջ մնալու մաղթանքով: