Վատիկան
Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը յուլիս ամսուայ որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն ընտրած է, աղօթել. «Որպէսզի ամէնուն տրուի աշխատանքի կարելիութիւնը ու զայն կատարեն ապահով ու կայուն պայմաններու մէջ»։
Իսկ որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ աղօթել. «Որպէսզի միսիոնարական վայրերու մէջ գտնուող կամաւոր քրիստոնեաները կարողանան վկայել Քրիստոսի սէրն ու ողորմութիւնը»։
http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=601514