Փարիզ
Կիրակի 21 Ապրիլ 2013-ին, Փարիզի «Notre-Dame» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակաց ոգեկոչման արարողութիւնը հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով, նախագահութեամբ Փարիզի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, ընկերակցութեամբ գերապայծառներ՝ արհի. Գրիգոր եպս. Ղապրոյեանի եւ արհի. Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի. առընթերականերն էին՝ Լիոնի եւ Սէն Շամոնի ժողովրդապետ՝ հայր Անդրանիկ վրդ. Ադամեան եւ Փարիզի ժողովրդապետ՝ հայր Գէորգ վրդ. Ասատուրեան:
Սուրբ Պատարագը սկսաւ Հրաշափառով եւ թափօրը սկիզբ առաւ սուրբ Խաչով ու սարկաւագներով դէպի աւագ խորանը, որուն մէջ կը գտնուէին հայ կաթողիկէ կղերը, հայ առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Նորվան Զաքարեան Սրբազանը, Ֆրանսահայ Աւետարանական համայնքին նախագահ՝ Ժոէլ Միքայէլեանը, Փարիզի կարդինալի օգնական Ժէրոմ Պօ եպիսկոպոսը, Ուկրանացիներու առաջնորդը, Մարոնիներուն առաջնորդին ներկայացուցիչը, Ֆրանսայի մէջ գտնուող Արեւելեան համայնքներու Պատասխանատու՝ Գլօտ Պրէսոլէթ գերապայծառը, «Œuvre d’Orient»-ի նախագահ՝ Բասգալ Կոլնիշ գերապայծառը եւ Լատին վարդապետներ: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Փարիզի եւ Արնուվիլի երգչախումբներու անդամները եւ իրենց միացած՝ Փարիզի զանազան հայկական երգչախումբերու գրեթէ 150 անդամները, ղեկավարութեամբ՝ Պրն Անթուան Քէշիշեանի:
Այս առթիւ աւագ խորանէն Թէյրուզեան գերապայծառը արտասանեց իր ճառը խօսելով Մեծ Եղեռնի նահատակներուն մասին, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն մանաւանդ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպաններուն, Հայաստանի մօտ Մալթայի դեսպան Ժան Միշել Ուղուրլեանինի, Ղարաբաղի ներկայացուցիչին, Պրն Նախարար Հայ Կաթողիկէ Բաթրիք Տեվեճեանին, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Օրուայ ընթերցուածը ֆրանսերէն լեզուով կարդաց պատուելի Միքայէլեան, իսկ հայերէնով Աւետարանը երգեց Նորվան Սրբազանը, որմէ ետք խօսք առաւ կարդինալի օգնական եպիսկոպոս Ժէրոմ Պօ, որ խօսեցաւ հայ նահատակներու մասին՝ դրուատելով հայ ազգը, որ տարիներու ընթացքին իր կեանքը եւ արիւնը տուաւ Ատուծոյ:
Պատարագին աւարտին խորան բարձրացան Նորվան Սրբազանը եւ Պօ գերապայծառը շրջապատելու Թէյրուզեան, Ղապրոյեան եւ Պաթաքեան գերապայծառները, ձեռաց խաչը եւ եպիսկոպոսական գաւազանը տրուեցան Նորվան Սրբազանին Պահպանիչի աղօթքը կատարելու, ապա բոլոր եպիսկոպոսները վերջին օրհնութիւնը շնորհեցին հաւատացեալներուն:
Պատարագի վերջաւորութեան մինչ երգչախումբը կ'երգէր «Այսօր Յարեաւ»ը, կղերին թափօրը կ’ուղղուէր դէպի աւանդատուն Թէյրուզեան գերապայծառի ժողովուրդին տուած օրհնութիւններով:
Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի կայքէջի http://hy.radiovaticana.va/news/2013/04/22/%D5%A1%D5%BA%D6%80%D5%AB%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%B6%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82_%D5%B5%D5%AB%D5%B7%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%AB%D5%B6_%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%AB%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A1%D5%AE_%D5%BD_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%A3_%D6%83%D5%A1%D6%80%D5%AB%D5%A6%D5%AB_%D5%B6%D5%B8%D5%A9%D6%80%D5%A8_%D5%BF%D5%A1/arm-685238
էջէն