Շաբաթ, 12 Մարտ 2011 - «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Ա. մրցանք Մեսրոպեան վարժարանի մէջ

 

Պէյրութ

 

Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական ուսումնասիրական աշակերտական խումբին, ուրբաթ  11 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 19.00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական Հրանդ Տինք շարադրութեան Ա. մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ժիրայր Դանիէլեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ մրցանքներ կը ջանան իւրայատուկ կերպով մեր նորագոյն սերունդը պատրաստել ապագային համար: 

Հանդիսութեան աւարտին խօսքը փոխանցեց հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներուն՝ Շահան Գանտահարեանին, Սարգիս Նաճարեանին եւ Ժիրայր Դանիէլեանին, որոնք մեծապէս նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Գալուստ ընթերցեց «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի պատասխանատու խմաբագիր Սարգիս Սերոբեանի ուղերձը, որուն մէջ Սերոբեան Տինքին ուղղելով իր խօսքը կ'ըսէ «Սիրելի Հրա՛նդ, բոլորս գիտենք, որ  ... գաղափարը ազատօրէն յայտնելու իրաւունք պահանջելուդ համար նահատակեցին: Գոնէ, ըսինք, մեր մեծ կորուստը բանի մը ծառայէ, ատոր համար ջանք կը թափենք՝ Լիբանանահայ տղաքն ալ այդպէս խորհեր են կ'երեւի, եւ յիշատակդ յարգելու եւ նպատակներդ կեանքի կոչելու համար «Հրանդ Տինք» են անուաներ իրենց մրցոյթը»:

Ապա տեղի ունեցաւ մասնակիցներու հաստատագիրներու յանձնումն ու մրցանքի նշանակի տուչութիւնը: Մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն Ալիք Գանտահարեանը, երկրորդը՝ ՀԲԸՄ Դարուհի Յովակիմեան երկրորդական վարժարանէն Ռօլան Կարապետեանը, իսկ երրորդը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն՝ Սալբի Կանիմեանը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ