Երկուշաբթի, 2 Յունիս 2008-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կը մեկնի Հռոմ:
Հոգեւոր տիրոջ գլխաւոր զբաղումները պիտի ըլլան հանդիպումներ ունենալ վատիկանեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ, քահանայական ձեռնադրութիւն կատարել եւ մասնակցիլ Քահանայապետական միջկրօնական ժողովին:
Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ կ’ընկերանայ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան:
Հոգեւոր տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ 11 Յունիսին:
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Պէյրութ, 31 Մայիս 2008