|
|
|
Կենսագրութիւն |
ԱՆտոն Պետրոս Թ. Հասունեան |
(1866-1880) |
| |
Պոլսեցի: Նախագահ Եպիսկոպոս Պոլսոյ հայ կաթողիկէներուն: Ինչպէս վերեւ ըսինք, Ս. Աթոռը ժամանակաւորապէս յարմար տեսած էր, որ Հայ Կաթ. Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցիին օրինակին վրայ՝ ունենար անոնց համապատասխան երկու Աթոռ: Սսոյ Աթոռին դիմաց Արծիւեան Աթոռը, իսկ Պոլսոյ Աթոռին դիմաց, Պոլսոյ Հայ Կաթ. Արքեպիսկոպոսական Աթոռը, անոնցմէ իւրաքանչիւրին տալով իրաւասականօրէն անկախ թեմեր ու հաւատացեալներ:
Գրիգոր Ը.ի վախճանումով 1866ին, Ս. Աթոռի համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին մէկ գլխու տակ միացնելու ժամը հնչեց ու Պոլսոյ Արքեպիսկոպոս Անտոն Հասունեան յաջորդեց Գրիգոր Ը.ին պատրիարքական Աթոռին վրայ: Այս միացումով, Պոլսոյ Արքեպիսկոպոսական Աթոռը ջնջուեցաւ, անոր թեմերը կցուեցան Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, պատրիարքութեան Աթոռն ալ Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլիս փոխադրուեցաւ:
|
Բայց Աթոռներու այս բարեբաստիկ միութիւնը դժբախտաբար փոթորիկի հանդիպեցաւ երբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ներքնապէս պառակտուեցաւ, որուն առիթը՝ Պիոս Թ. Պապին Reverserus կոնդակը եղաւ 1867-ին: Սա կը հրահանգէր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին գործերը վերապահել միայն եկեղեցականներուն, բացառելով աշխարհականներու մասնակցութիւնը այս գործերէն ներս:
Կոնդակին հակազդեցութիւնը Պոլիսէն մինչեւ Զմմառ հրդեհի պէս տարածուեցաւ ու երկուքի բաժնեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքը: Անտոն Թ. Պատրիարքը, ի սէր խաղաղութեան, 1879-ին հրաժարականը ներկայացուց ու Հռոմ քաշուեցաւ, ուր անոր անձնական կարողութիւններուն, Եկեղեցիին ու Ազգին մատուցած բազմապիսի ծառայութիւններուն որպէս գնահատանք (ինք հիմնած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը), Հայոց մէջ առաջինը ըլլալով, կարդինալական աստիճանի բարձրացուեցաւ Լեւոն Ժ. Պապին կողմէ:
| |
|
|
|