Երկուշաբթի, 4 Մայիս 2015 - Զմմառու Միաբանութիւնը կը գուժէ Սարգիս ծվ Ուզունեանի մահը

 

 

 

Զմմառ

Գոյժ

 

 

 

Զմմառու պատրիարքական Միաբանութիւնը կը գուժէ մահը հայր Սարգիս ծ.վ. Ուզունեանի, անդամ Զմմառու Միաբանութեան, որ հանգեաւ ի Տէր սուրբ Եկեղեցւոյ խորհուրդներով զօրացած՝ երկուշաբթի 4 մայիս 2015-ին, Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ:

 Հանգուցեալը ծնած էր Հաճըն 22 ապրիլ 1922-ին: Զմմառու վանքը իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան, ուր հետեւած էր իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքներու: Քահանայ ձեռնադրուած էր Հռոմ 1 ապրիլ 1945-ին: Պաշտօնավարած էր Զահլէ, Յորդանան ապա երկար տարիներ Աւստրալիոյ Սիտնի եւ Մելպուրն քաղաքները որպէս հոգեւոր հովիւ:

Յուղարկաւորութեան թուականը տակաւին ճշդուած չէ: Հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Զմմառու վանքին միաբանական գերեզմանատան մէջ:

 

 

   

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ